ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉԸ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորանշանակ աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան, որ 1 Նոյեմբերի դրութեամբ ձեռնարկած է պաշտօնի, երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ներկայացուեցաւ՝ երկրի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Պետրոսեան նշեց, որ կը պատրաստուի փոփոխութիւններու ենթարկել հայկական ընտրանին։ Իր օգնականները պիտի ըլլան՝ Սարգիս Յովհաննիսեան եւ Ռազմիկ Գրիգորեան, որոնք երկար տարիներ մաս կազմած են հայկական հաւաքականին։
Երեւանի Աւան արուարձանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ երէկ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուբէն Հայրապետեան շնորհաւորեց Արթուր Պետրոսեանը եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն, բեղմնաւոր աշխատանք։ Ան տեղեկացուց, որ Պետրոսեանի հետ կնքուած է երկու տարուան պայմանագիր։
Արթուր Պետրոսեան հայկական ֆութպոլի լաւագւոյն կիսապաշտպաններէն մին եղած է։ Բացի Հայաստանէն, ան ֆութպոլ խաղացած է Իսրայէլի, Ռուսաստանի եւ Զուիցերիոյ մէջ։ 1992-2005 թուականներուն 69 անգամ հանդէս եկած է հայկական հաւաքականի մարզաշապիկով, դառնալով 11 կոլի հեղինակ։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն երկրորդ ռմբարկուն է։ Որպէս մարզիչ գործունէութիւն ծաւալել սկսած է 2006 թուականին։ Այս տասն տարիներուն ընթացքին ալ աշխատած է Զուիցերիոյ մէջ, մինչ այդ կարճ ժամանակ մը եղած է հայկական ընտրանիի աւագ մարզիչին օգնականը։ Այս տարի ստացած է մարզչական ՓՐՕ վկայականը։
Արթուր Պետրոսեան այլեւս պիտի չաշխատի արտասահմանի մէջ եւ Հայաստանի առաջնութեան խաղերու ժամանակ արդէն վերադարձած պիտի ըլլայ երկիր։