ՆԱԹԱԼԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱ ԱՐՏԱՇԷՍ ԱԿՕՇԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԵՆ Թ՚ԷՍՓՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէս մը, որու մասնակցութիւն բերաւ մեցցօ սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան՝ նուագակցութեամբ Արտա Արտաշէս Ակօշեանի։ Նաթալի Պօղոսեան որպէս հիւր մենակատար մասնակցեցաւ այս համերգին եւ իրեն երգեհոնով ընկերացաւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր այս երկու արուեստագէտներն ալ վերջին շրջանին հաստատուած են արտասահման եւ այս համերգին համար մասնաւորապէս եկած էին քաղաքս։

Երէկուան համերգին հետեւեցան նաեւ մեր համայնքէն խումբ մը երաժշտասէրներ, որոնք ձեռնարկի աւարտին ջերմօրէն շրջապատեցին Պօղոսեանն ու Ակօշեանը։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019