ՄԱՐԶԱՆՔԻ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ժընեւի համալսարանի նեարդակենսաբանները պարզած են, որ 15 վայրկեան տեւողութեամբ հեծանիւով շարունակական մարզումը կրնայ բարելաւել յիշողութիւնը ու օգնել ձեռք բերել նոր հմտութիւններ։ Հետազօտութեան արդիւնքները կ՚ապացուցէ, որ մարզանքը օգտակար է ոչ միայն ֆիզիկական, այլեւ հոգեկան առողջութեան համար։

Գիտափորձին մասնակցած է երիտասարդ ու առողջ 15 տղամարդ, որոնք մարզանքով չեն զբաղուած։ Մասնագէտները կամաւորները բաժնած են երեք խումբի, որոնցմէ առաջին խումբի մասնակիցները քննած են հանգիստէն յետոյ, երկրորդ խումբի մասնակիցները՝ հեծանիւով կէս ժամ տեւողութեամբ ընդմիջեալ մարզումէ յետոյ, իսկ երրորդ խումբի մասնակիցները՝ 15 վայրկեան տեւողութեամբ մարզումէ յետոյ։ Քննարկումը կ՚ենթադրէր հակազդեցութեան արագութեան ստուգում։ Կամաւորները պաստառին վրայ կը տեսնէին չորս կէտ, որոնցմէ մէկը կը վերածուէր աստղը։ Այդ պահուն անոնք պէտք է հնարաւորինս ա-րագ սեղմէին կոճակը։ Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները կատարած են նաեւ յաւելեալ արեան եւ MR-ի հետազօտութիւն։

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ առաւել խտացեալ մարզումները դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան ու կը բարելաւեն հակազդեցութիւնները։ Իբր այդ՝ սա կը նկատուէր նաեւ MR-ի հետազօտութեան ժամանակ ուղեղի զանազան հատուածներու միջեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020