ՇԱՔԱՐՈՎ ԹԷՅԻՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ
Սննդաբանները խորհուրդ կու տան հրաժարիլ շաքարով թէյէ։ Այսպէս, թէյը ամենատարածուած ըմպելիներէն մէկն է, որ շատեր կը խմեն ամէն օր ու բաւական մեծ չափաբաժինով։ Սա շատ օգտակար ըմպելի մըն է եւ օժտուած՝ մարմնի համար կարեւոր շարք մը յատկութիւններով, ոմանք թէյի համը բարելաւելու համար շաքար կ՚աւելացնեն, որ կրնայ շատ վատ հետեւանքներ ունենալ։ Սննդաբանները կը յորդորեն հրաժարիլ շաքարով թէյի ամենօրեայ գործածութենէ, քանի որ նման համադրութիւնը կրնայ յանգեցնել օսթեօքոնտրոզի կամ տիապեթի զարգացման։ Աւելին՝ քաղցր թէյը կրնայ դառնալ նաեւ գիրնալու պատճառ, ուստի այս ըմպելիէն հրաժարիլը կ՚օգնէ նուազեցնել ծանրութիւնը։ Մինչ այդ, շաքարով թէյը բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարդու նիւթափոխանակութեան վրայ, կը խթանէ ախորժակը, կը վատթարացնէ աղիքներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ բշտիկներու ու սեւ բիծերու յառաջացման, ուստի այս ըմպելիէն հրաժարիլը թոյլ կու տայ խուսափիլ նաեւ նման տհաճ խնդիրներէ։