ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու մօտակայքին անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի ձեւաւորել։

Երէկ, Արման Թաթոյեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ յիշեցուց, որ իր աշխատակազմը բացառապէս փաստերով հիմնաւորած է սահմանամերձ բնակավայրերէ ներս Ատրպէյճանի յանցաւոր արարքները եւ ցոյց տուած է անոնց կապը այդ երկրի իշխանութիւններու քաղաքականութեան ու շարունակուող խախտումներու միջեւ։

«Ըստ այդմ հիմնաւորած ենք, թէ անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի։ Հիմնաւորած ենք, որ Ատրպէյճանի զինուորականները, դրօշակները, զանազան տեսակի սարքաւորումները պէտք է հեռացուին մեր գիւղերու անմիջական հարեւանութենէն եւ այն ճանապարհներէն, որոնք համայնքները իրարու կը կապեն։ Առանց այս բանին չի կրնար ըլլալ իրաւունքներու վերականգնում եւ մարդոց բնականոն կեանքի վերականգնում։ Ընդ որում, սա ոչ թէ պէտք է ըլլայ մեր հաշուոյն, այլ անոնք պէտք է հեռանան։ Մեր արտահերթ զեկոյցին մէջ ցոյց տրուած է, որ անոնց տեղակայումները առանց որեւէ բացառութեան ապօրինի են։ Անոնք մեր գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ յայտնուած են պատերազմի սպառնալիքի ներքեւ, առանց մասնագիտական աշխատանքի վերլուծութիւններու։ Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ հիմք չէ ընդունուած միջազգային որեւէ չափանիշ», ըսաւ Արման Թաթոյեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ մարդու իրաւանց պաշտպանը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերլուծել եւ ուսումնասիրել կալուածային արձանագրութիւններու փաստաթուղթերը, հողայատկացման վերաբերեալ հարցերը։ «Ունինք դէպքեր, երբ խորհրդային ժամանակներէն մարդոց պատկանող հողերուն վրայ այսօր ֆիզիքապէս ներկայ են Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը։ Միջազգային յստակ պահանջ է, որ սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը չեն կրնար օրինական համարուիլ, եթէ չեն ապահովեր մարդու իրաւունքները, չեն համապատասխաներ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց գերակայութեան կանոններուն եւ չեն ապահովեր մարդոց բնականոն կեանքը», յայտնեց մարդու իրաւանց պաշտպանը։

Ուստի, այս բոլորի լոյսին տակ Արման Թաթոյեան հերթական անգամ բարձրաձայնեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու հետ շփման տարածքներէն ներս անվտանգութեան ապառազմականացեալ գօտիի ստեղծուիլը հրատապ անհրաժեշտութիւն մըն է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021