ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՀԱՅԱԶԳԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻՆ

ԻՒՆԷՍՔՕ որոշեց Մենտելէեւի անունով հաստատուած միջազգային մրցանակը շնորհել երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Անոնք են Եուրի Յովհաննիսեան եւ Վինչենցօ Պալցան։ ԻՒՆԷՍՔՕ որոշած է այս երկու գիտնականներուն յիշեալ մրցանակը շնորհել՝ հիմնարար գիտութիւններու ոլորտէ ներս անոնց նուաճումներուն համար։ Պարգեւատրման արարողութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 15-ին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս, որ կը գտնուի Փարիզի մէջ։ Այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ հաղորդած է ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը, որու փոխանցած տեղեկութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին վրայ։ Այսպէս, Եուրի Յովհաննիսեանին մրցանակ շնորհուած է պարբերական աղիւսակի սահմանները ընդլայնած բեկումնային յայտնագործութիւններուն բերումով։ Բարձր գնահատանքի արժանացած է նաեւ իր նը-շանակալի աւանդը՝ համաշխարհային ծաւալով հիմնարար գիտութիւններու յառաջ մղման ուղղութեամբ։

Այսպէսով ներկայ տարուայ ընթացքին արդէն երկրորդ անգամ հայազգի գիտնականներ միջազգային շատ հեղինակաւոր գիտական մրցանակներու արժանացած կ՚ըլլան։ Նոպելեան բժշկական մրցանակէն վերջ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Մենտելէեւի մրցանակին ալ դափնեկիրը դարձած է հայ գիտնական մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021