ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆԵՑՈՒԿԸ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր հարթակի ստեղծումը, բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի տուեալ ձեւաչափի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերէն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կողմնակից է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու առաջարկին՝ տարածաշրջանային նմանօրինակ խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծելու շուրջ։ Այդ մէկը կ՚անուանուի «3+3» (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան)։ «Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, թէ եկած է ժամանակը այդ մէկը գործնական հարթութիւն տեղափոխելու։ Մեր կարծիքով՝ այդ մէկուն գործարկումը պիտի նպաստէ վստահութեան բարձրացման, միջպետական յարաբերութիւններուն, առկայ տարաձայնութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանի փոխադրական ու տնտեսական ներուժի բացայայտման», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ այդ ձեւաչափը պէտք է լուծումներ տայ թէ՛ առկայ հարցերուն եւ թէ նոր մարտահրաւէրներուն։

Մարիա Զախարովա յայտարարութիւններուն մէջ դիտել տուաւ նաեւ, որ Ռուսաստան համալիր լուծում կը նախատեսէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման ու անոր յաջորդելիք սահմանագծման գործընթացին վերաբերեալ խնդիրներուն համար։ Ռուսական կողմը ներկայիս ամէնօրեայ աշխատանք կ՚ապահովէ արդէն իսկ ընդունուած փաստաթուղթերու իրականացման համար։ Հրադադարի համաձայնագրի տարելիցին ընդառաջ աշխատանքները բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին։ Բանբերը յիշեցուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ։ «Ջանքեր կը գործադրուին նաեւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ Կը շարունակուին շփումները արտաքին գործոց նախարարութիւններու, պաշտպանութեան նախարարութիւններու, սահմանապահ ծառայութիւններու մակարդակով՝ սահմանային դէպքերը կանխելու նպատակով։ Ի հարկէ, աշխոյժ աշխատանք կը տարուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գծով», նշեց Զախարովա։

Վերջին շրջանին յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով Մոսկուայի մէջ նոր գագաթաժողովի մը կազմակերպման եւ կարգ մը փաստաթուղթերու ստորագրման հաւանականութիւնը։ «Ես տակաւին նման տեղեկութիւն մը չունիմ։ Եկէք այդ հարցը թողենք ղեկավարներուն եւ անոնց մամլոյ ծառայութիւններուն։ Եթէ իրենք նման տեղեկութիւն մը ունենան, կը յայտնեն այդ մասին», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը յաջորդ շաբաթ լայն անդրադարձով մը հանդէս պիտի գայ՝ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան առաջին տարելիցին առթիւ։ Մանրամասնելով Լաւրովի վերջին հեռախօսազրոյցները՝ ան շարունակեց. «Նախարարները համակարծիք են, թէ անցեալ տարուան ընթացքին տարածաշրջանէ ներս իրադրութիւնը կայունացած է, հրադադարի դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի։ Պաքու եւ Երեւան բարձր կը գնահատեն ռուս խաղաղապահներու դերը։ Առանձին դէպքերը կը կարգաւորուին համագործակցութեան կապերու միջոցաւ»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԵԸԼՏԸՐԸՄ

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետներէն Պինալի Եըլտըրըմ Պաքու այցելելու ժամանակ անդրադարձաւ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին։ Պաքուի 8-րդ կլոպալ համաժողովին բերած մասնակցութեան շրջանակներէն ներս ան յայտարարեց, որ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին այս ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ այդ միջանցքի բացումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու միջեւ կապերու ընդլայնման, անկախ այն բանէն, որ Իրան ինչ դիրքորոշում ունի։

«Իրան պատմական պետութիւն մըն է։ Մենք Իրանի հետ ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ եւ այդպէս կը շարունակուի։ Մենք կը կարծենք, թէ այդ հարթակը կ՚ընդլայնուի Կովկասի երկիրներու հետ միասին՝ ներառեալ Կասպեան տարածաշրջանի պետութիւնները», ըսաւ Եըլտըրըմ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021