ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԻԼՏԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳԸ

Համակրելի մեներգչուհի Իլտա Սիմոնեան շաբաթավերջին փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մէջ։ Իլտա Սիմոնեան, որ կ՚ապրի Հոլանտայի մէջ, մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած ծրագիր մը ներկայացուց Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ։ Ան մեկնաբանեց Կոմիտասի 12 ստեղծագործութիւնները՝ միշտ հաւատարիմ մնալով անոնց՝ Կոմիտասի կողմէ յօրինուած ձեւին։ Երգացանկի երեք կտորները եղան Կոմիտասի այն գործերը, որոնք Սերկէյ Ասլամազեանի կողմէ համապատասխանեցուած էին լարաւոր քառեակի։

Մեներգչուհիին նուագակցեցան՝ տուտուկահար Վարդան Յովհաննիսեան եւ Ամսթերտամէն լարաւորներու քառեակ մը։ Յայտնի դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլուն ալ հանդիսավարի դերը կատարեց։

Երեկոյթը պատուեց Իսթանպուլի մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Արժէն Ուիժթերլինտէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

Իլտա Սիմոնեան, որ Թուրքիայէն մեկնած է Հոլանտա, երաժշտութեան ուսուցչուհի մըն է, նաեւ որպէս մեներգչուհի, միշտ կը զբաղի Կոմիտասի ժառանգութեամբ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024