ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Պուտափեշտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած է Հունգարիոյ հիւրընկալմամբ։ Փաշինեան գագաթաժողովի ծիրէն ներս կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 7-ին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2024