ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Համահայկական երկրորդ երիտասարդներու համաժողովը՝ «Ապագայ» խորագրով։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի Հայոց միութեան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ Նիժնի Նովոկորտի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններէն շուրջ եօթանասուն ղեկավարներ եւ աշխարհի տասն երկիրներէն ներկայացուցիչներ։
Համաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խորհրդականներէն Ստեփան Պետրոսեան։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երիտասարդներուն ուղղեալ պատգամը անձամբ փոխանցեց Հրանոյշ Յակոբեան, որ աւելի վերջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Նախարարը այս առթիւ ընդգծեց, թէ երիտասարդները պէտք է իրենց ներդրումը ունենան Հայաստանի առաւել զօրացման ուղղութեամբ։ Այս շրջագծին մէջ ան առանձնապէս կանգ առաւ հայ երիտասարդութեան մասնագիտական ներուժի համախմբման, հայոց լեզուի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, ուծացման մարտահրաւէրներուն դիմադրելու տարբերակներուն եւ միջհամայնքային կապերու զարգացման վրայ՝ ի նպաստ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման։ Ապագային միտուած երիտասարդներու հիմնախնդիրներուն մասին ներկայացուցած ընդարձակ զեկուցման մէջ ան խօսք ուղղեց աշխարհի զանազան երկիրներէն համախըմբուած հայ երիտասարդներուն ու շեշտեց, որ կը գիտակցի անհատականութեան ձեւաւորման հանգրուանին Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդի համար ազգային ինքնագիտակցութեան գործընթացին առաւել դժուար ըլլալու հանգամանքին։ «Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է միաւորուի եւ կերտէ իր ապագայի տեսլականը, իր ռազմավարութիւնը՝ հաշուի առնելով եւ վերլուծելով աշխարհաքաղաքական կլոպալ մարտահրաւէրները, տարածքաշրջանային մարտահրաւէրները, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի նոր սերունդին առջեւ առկայ մարտահրաւէրները», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ յիշեցուց, որ Հայաստանի երիտասարդական պետական ռազմավարութեան մէջ տեղ յատկացուած է Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդութեան հայրենաճանաչութեան, հայապահպանութեան, համահայկական մարզական, մշակութային, կրթական եւ այլ ծրագրերու իրականացման, Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման նկատմամբ։
Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, թէ հայկական Սփիւռքը բազմաբնոյթ է, բազմատարր, բազմակարիք ու բազմակարծիք, բայց եւ այնպէս ձեւաւորուած են շարք մը համազգային առաջնահերթութիւններ, որոնք հաւասարապէս ընդունելի են բոլորին կողմէ եւ համապատասխան խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանք պէտք չէ խնայուի իւրաքանչիւր հայու կողմէ։ Ըստ իրեն, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրը հրատապ է յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ զանազան առարկայական ու ենթակայական պատճառներով նոր սերունդը կը դադրի մայրենիով խօսելէ, կ՚աւելնան խառն ամուսնութիւնները, կը փակուի հայկական կրթօճախները եւ կը նուազի թիւը այն աշակերտներուն, որոնք հայկական դպրոց կը յաճախեն։ «Հայապահպանութիւնը Սփիւռքի մէջ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ռազմավարական ուղղութիւնն է, համազգային առաջնահերթութիւն մը, որ դարձած է առանցքային խնդիր», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան՝ կոչ ուղղելով սորվիլ հայերէն, պահպանել մայրենի լեզուն եւ հայկական մականուններուն բնորոշ «եան» մասնիկը։
Անդրադառնալով արդի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու լայն հնարաւորութիւններու կիրառման՝ Հրանոյշ Յակոբեան դիտել տուաւ, թէ անոնց արդիւնաւէտ օգտագործումը մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի փոխադարձ ճանաչման, համայնքներու միջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան, համայնքներէ ներս տեղի ունեցող անցուդարձին եւ կարեւոր իրադարձութիւններուն արձագանգ գտնելուն եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդուելուն։
«Հայ ազգը պէտք է շատանայ, բազմանայ եւ իւրաքանչիւր երիտասարդի պարտքը պէտք է ըլլալ, որ իր ընտանիքին մէջ ունենայ առնուազն երեք զաւակ։ Մեր ռազմավարական խնդիրներու շարքին պէտք է ըլլայ հայ ազգի բազմացումը՝ աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ ալ ըլլայ։ Կարելի է երեք տարին անգամ մը հնարաւորութիւն գտնել եւ առանձին կամ ընտանիքով, ընկերներով զբօսնուլ Հայաստանի հողին վրայ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Համաժողովի բացման ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան։