ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հա­ւա­քին։ Այս խոր­հուր­դի 22-րդ ժո­ղո­վին շրջագ­ծով Նալ­պան­տեան ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեա­նի եւ միջ­նորդ­նե­րու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նախա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած նոր հան­դիպ­ման կազ­մա­կերպ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։ Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ ջան­քե­րը՝ ուղ­ղուած հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կում­ներ ծա­ւա­լե­ցին կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ տե­սակ­ցե­ցան նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ե­րէկ ար­դէն տեղ­ւոյն վրայ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ Պելկ­րա­տի մէջ նա­խա­տե­սուած չէ Նալ­պան­տեան-Մա­մէ­տեա­րով տե­սակ­ցու­թիւն մը։

Միջ­նորդ­նե­րուն հետ մէկ­տե­ղուե­լու ա­ռըն­թեր, Նալ­պան­տեան ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ ու­նե­ցաւ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէ­րի հետ՝ նոյն­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան, նա­խա­րար­նե­րու հա­ւա­քին ժա­մա­նակ ե­լոյթ մըն ալ ու­նե­ցաւ Նալ­պան­տեան, որ նոյն­պէս ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կանգ ա­ռաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին վրայ։

Պելկ­րա­տի մէջ ե­րէկ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ալ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ֆրան­սա­յի Եւ­րո­պա­կան գոր­ծե­րով պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զի­րի կող­մէ ստո­րագ­րուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ նա­խա­գահ­նե­րու նոր հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Ա­նոնք յատ­կա­պէս դա­տա­պար­տե­ցին նռնա­կա­նե­տե­րու եւ այլ ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու կի­րա­ռու­մը եւ ափ­սո­սանք յայտ­նե­ցին, որ ա­նոնց օգ­տա­գործ­ման հե­տե­ւան­քով կը տու­ժէ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Ա­նոնք շեշ­տե­ցին, թէ Մինս­քեան խմբա­կը միակ ձե­ւա­չափն է, զոր ըն­դու­նած են հա­կա­ռակ կող­մե­րը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­յա­ջո­ղու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ա­նոնք մատ­նան­շե­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան եւ Հա­յաս­տան քա­ղա­քա­կան կամք չեն դրսե­ւո­րեր՝ խա­ղաղ լուծ­ման հաս­նե­լու հա­մար։

Միւս կո­ղմէ, թէ՛ Ճոն Քե­րի եւ թէ Սէր­կէյ Լաւ­րով ԵԱՀԿ-ի նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ի­րենց ե­լոյթ­նե­րուն ժա­մա­նակ եւս անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։

ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀ

Այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն՝ շուրջ 04.30-ին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ լուրջ դէպք մը։ Շփման գծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան (Թա­լիշ) ուղ­ղու­թեամբ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին յար­ձա­կում մը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը ճիշդ ժա­մա­նա­կին նկա­տե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի յա­տուկ ջո­կատ­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը եւ ան­մի­ջա­պէս շարժ­ման անց­նե­լով կա­սե­ցու­ցին զա­նոնք։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը ար­դէն վե­րա­դար­ձան ի­րենց ել­ման դիր­քե­րը եւ ապ­րուած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ Է­րիք Գրի­գո­րեան (1995)։

Ստե­փա­նա­կեր­տի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ա­զէ­րի զօր­քե­րը թա­փով կը խախ­տէին հրա­դա­դա­րը։ Այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ ապ­րուած դէպ­քէն վերջ եւս ա­նոնք շա­րու­նա­կե­ցին զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի ա­կա­նա­նե­տե­րով եւ հրթի­ռա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րով խախ­տել հրա­դա­դա­րը։ Հայ­կա­կան զօր­քե­րը կը ձեռ­նար­կեն փո­խա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն նա­խա­յար­ձակ աշ­խու­ժու­թիւ­նը ճնշե­լու հա­մար։

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015