ՆՈՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ատր­պէյ­ճան։ Ըստ վեր­ջին շրջա­նին ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն ան­մի­ջա­պէս վերջ ան ար­տա­սահ­մա­նեան ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուց դէ­պի Պա­քու, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ Զու­կուլ­պա­յի պա­լա­տի եր­դի­քին տակ բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով ըն­դու­նեց Տա­վու­տօղ­լուն։ Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ա­լիեւ գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւ­նը եւ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ա­լիեւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մըն ալ սար­քեց ի պա­տիւ Տա­վու­տօղ­լուին։

Վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ Թուր­քիա վե­րա­հաս­տա­տէ իր շա­րու­նա­կա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ Ա-տըր­պէյ­ճա­նի։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նոր նպա­տակ­ներ՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս նա­խա­ձեռ­նուած շարք մը ծրագ­րե­րու թա­փի ա­րա­գաց­ման ա­ռու­մով։ Տա­վու­տօղ­լու Պա­քուի մէջ շեշ­տեց, թէ ո՛ւր որ կը ծա­ծա­նի թրքա­կան դրօ­շա­կը, այն­տեղ կը ծա­ծա­նի նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի դրօ­շը եւ հա­կա­ռա­կը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը միայն խօս­քե­րով սահ­մա­նա­փա­կուած չէ ու կ՚ամ­րա­ցուի ծրագ­րե­րով։

Տա­վու­տօղ­լու Պա­քուի մէջ տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ Անդ­րա­նա­տո­լեան կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծրա­գի­րը (TANAP) ոչ թէ նա­խա­տե­սուա­ծին նման 2018 թուա­կա­նին, այլ շատ ա­ւե­լի կա­նուխ պի­տի հաս­նի ա­ւար­տին։ Այս ուղ­ղու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն գո­յա­ցած է եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ «Օր ու գի­շեր պի­տի աշ­խա­տինք։ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս անհ­րա­ժեշ­տը պի­տի կա­տա­րուի TANAP-ի ծրագ­րին հա­մար։ Նոյ­նը ի զօ­րու պի­տի ըլ­լայ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։ Իր կար­գին, Ա­լիեւն ալ ընդգ­ծեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի բնա­կան կա­զի ար­տած­ման հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար Թուր­քիան է։

Տա­վու­տօղ­լու Պա­քուի մէջ Ա­լիե­ւին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շուրջ։ Վար­չա­պե­տը եւ­րո­պա­ցի իր երկ­խօս­նե­րուն նկա­տառ­ման յանձ­նած է, թէ Եւ­րո­պա­յի ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան տե­սան­կիւ­նէն ա­մե­նավստա­հե­լի այ­լընտ­րանքն է Կաս­պից տա­րած­քաշր­ջա­նի պա­շար­նե­րը Թուր­քիոյ վրա­յով փո­խան­ցել դէ­պի Եւ­րո­պա։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը որ­դեգ­րած են ի­րենց ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը 15 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի բարձ­րաց­նե­լու նպա­տա­կը։

Իլ­համ Ա­լիեւ մատ­նան­շեց, թէ Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը կա­յու­նու­թեան գոր­ծօն մը կը հան­դի­սա­նայ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա-խընդ­րին շուրջ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար ան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Թուր­քիոյ եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ա-տըր­պէյ­ճան անհ­րա­ժեշտ զի­նա-մ­ըթեր­քը կ՚ա­պա­հո­վէ Թուր­քիա­յէն։ Կող­մե­րը քա­նի մը ան­գամ հա­մա­տեղ ռազ­մա­փոր­ձեր ալ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են, ինչ որ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ ա­նոնց միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ ու­ժը։ 

Տա­վու­տօղ­լու Պա­քուի մէջ կրկնեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ դիր­քո­րո­շու­մը բաց եւ յստակ է։ Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ Ատր­պէյ­ճա­նի ի նպաստ իր նե­ցու­կը՝ մին­չեւ որ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնագ­րա­ւեալ տա­րածք­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ դար­ձեալ պատ­կա­նին ա­նոր՝ մին­չեւ վեր­ջին քա­ռա­կու­սի սան­թի­մեթ­րը։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Պա­քուի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Վար­չա­պետ Ար­թուր Ռա­սի­զա­տէի հետ։ Բաց աս­տի, վար­չա­պե­տը մէկ­տե­ղուե­ցաւ երկ­րի գոր­ծա­րար աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Պա­քուի մէջ Տա­վու­տօղ­լու մատ­նան­շեց, որ Ան­գա­րա լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ նաեւ Թուր­քիա-Ատրպէյ­ճան-Ի­րան, Թուր­քիա-Ատրպէյ­ճան-Թիւրք­մե­նիս­տան ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փե­րուն նկատ­մամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015