ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԵԼԿՐԱՏԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ 40 վայրկեան տեւեց այս հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին շրջագծով։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Ռուսաստանի SU-24 ռազմաօդանաւի վար առնուելէն վերջ ստեղծուած լար-ւածութեան մթնոլորտին մէջ սա առաջին բարձր մակարդակի շփումը եղաւ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։ Քանի մը օր առաջ Փարիզի մէջ նոյն ժողովին մասնակցելով հանդերձ չէին տեսակցած երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին։ Այս իմաստով թէեւ նախարարներու միջեւ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումը դրական երեւոյթ մըն էր, սակայն արդէն նախագահներն ալ հետզհետէ կը խստացնեն իրենց ոճը։ Էրտողան երէկ յայտնեց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման արտահանած քարիւղը կ՚արտահանուի ռուսահպատակի մը կողմէ։ Այսինքն, ան այս ձեւով փոխադարձեց Փութինի կողմէ վերջերս յաճախ օրակարգի վրայ բերուած պնդումներուն, ըստ որոնց ԻՇԻՊ եւ Թուրքիա քարիւղի գործարքի մէջ կը գտնուին։ Մինչ Էրտողան երէկ իր ոճը անհամեմատօրէն խստացուց այդ պնդումներուն դէմ՝ Վլատիմիր Փութինն ալ իրմէ ետ չմնաց սպառնալիքներու առումով։ Ռուս ղեկավարը յայտնեց, թէ Թուրքիա պիտի զղջայ իր ըրածներուն համար եւ անոր դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները սահմանափակ պիտի չըլլան լոլիկներով։ Այս մթնոլորտին մէջ է, որ Չավուշօղլու եւ Լաւրով մէկտեղուեցան Պելկրատի մէջ։ Լաւրովի փափաքով նկարահանում չկատարուեցաւ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Չավուշօղլու իր ռուս պաշտօնակցի նկատառման յանձնած է, թէ Թուրքիա ցարդ չէ փոխադարձած Ռուսաստանի կողմէ առնուած որոշումներուն, սակայն անկարելի է, որ շարունակուի այսպէս։ Թրքական կողմին փափաքն է, որ Մոսկուա դադրեցնէ անհիմն պնդումները։ Չավուշօղլու աւելցուց, թէ հանդիպումը անցած է երկու նախարարներու յարիր հասունութեամբ եւ թրքական կողմը պատասխանած է պնդումներուն։ Ան յոյս յայտնեց, թէ բանիմացութիւնը կը յաղթահարէ։ Ըստ Չավուշօղլուի, թրքական կողմը արտայայտած է իր ցաւը եւ երկու կողմերն ալ չեն փափաքիր թափ տալու լարուածութեան։ Իր կարգին, Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ թրքական կողմէն չեն լսած նոր բան մը։ «Ինչպէս կ՚ըսուի ռուսական ժողովրդական առածով մը՝ թող մտածէ ան, որուն գլխարկը կ՚այրի», յայտնեց Լաւրով։
Փութինի երէկուան ծանր արտայայտութիւնները տեղական մամուլէն կարգ մը թերթերու կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ ան կը տապալէ բանակցային սեղանը։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Նովաքն ալ երէկ տեղեկացուց, թէ կը դադրեցնեն «Թրքական հոսք» ծրագիրը։