ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը Միլանոյի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Նախարարներու հանդիպումը նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։

Միլանոյի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Նկատի ունենալով, որ թէ՛ Մնացականեան եւ թէ Մամէտեարով Միլանոյի մէջ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար՝ այդ հաւաքը առիթ հանդիսացած է անոնց տեսակցութեան Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները վերջին անգամ հանդիպած էին սեպտեմբերի 27-ին՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի աշխատանքներու բացման փուլին։ Նախարարներու վաղուան տեսակցութեան ընդառաջ, այսօր, ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը ծրագրուած դիտարկում մը կ՚իրականացնէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ՝ Մարտունիի շրջանէն սկսեալ դէպի հարաւ-արեւելք ինկած հատուածին մէջ։ Միլանոյի բանակցութիւններու ընդառաջ, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերջին օրերուն նախըտրական քարոզարշաւի մթնոլորտին մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Միլանոյի մէջ նախատեսուած Մնացականեան-Մամէտեարով հանդիպման ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան վճռական պատգամներով հանդէս եկաւ ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ։

Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի ծնողներուն։

«Ատրպէյճան կիսապաշտպան առաջարկ մը ներկայացուցած է Արցախի մէջ գտնուող երեք ատրպէյճանցին Ատրպէյճանի մէջ գտնուող երեք հայու հետ փոխանակելու համար։ Բայց Արցախի մէջ Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներ դատապարտուած են՝ մէկը քսան տարիով, միւսն ալ ցմահ ազատազրկուած է։ Որովհետեւ անոնք Արցախի քաղաքացիներ սպաննած են։ Հիմա հարցը հետեւեալն է՝ այդ սպաննուած քաղաքացիներու հարազատները կը համաձայնի՞ն, որ իրենց երեխաները սպաննածները Արցախի կողմէ վերադարձուին Ատրպէյճան։ Պարզ է, որ Ատրպէյճան այդ ոճրագործներէն նոր Ռամիլ Սաֆարովներ պիտի կերտէ։ Մենք կ՚ուզե՞նք կրել այս բանի քաղաքական եւ գործնական հետեւանքները։ Թուրքիոյ կողմէն պատանի մը շփոթած եւ անցած էր սահմանը եւ մենք զինքը առանց նախապայմաններու ուղարկեցինք իր երկիրը։ Տրամաբանական կ՚ըլլայ ըսել, որ իրենք ալ նոյն ձեւով վերադարձնէին Կարէնը։ Մենք Կարէնի հարցով զբաղած ենք ու կը զբաղուինք նաեւ Տուշանպէի պայմանաւորուածութեամբ ձեռք բերուած ալիքով։ Սա պարզ, մարդասիրական հարց մըն է եւ մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք հասնելու համար լուծման», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որու Կարէն Ղազարեանը առգրաւուած է իր տունէն։ Իր խօսքով՝ մարդիկ մտավախութիւններ ու հարցեր ունին սահմանի պաշտպանութեան մակարդակին վերաբերեալ։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան այսօր Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին։ Սոյն հաւաքին մասնակցելու առընթեր Զօհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018