ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԸ ՊԻՏԻ ԶԵՏԵՂՈՒԻ

Հռոմի ամենայատկանշական վայրերէն մէկուն՝ Պորկեզի այգիին մէջ պիտի տեղադրուի մեծանուն գրող, «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի արձանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի փոխ նախարար Տիգրան Գալստեան երէկ այս մասին բացատրութիւններ տուաւ՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Փոխ-նախարարը մամլոյ սպասաւորներուն յիշեցուց նաեւ, որ Յովհաննէս Թումանեան հայ մշակոյթը ներկայացնող մեծանուն գրող մըն է եւ շուտով պիտի նշուի նաեւ իր 150-ամեայ յոբելեանը։ Ուստի, յոբելենական շրջանին Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի անոր արձանը։ Տիգրան Գալստեան ընդգծեց, որ Պորկեզի այգին աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ կարեւոր նշանակութան տէր վայրերէն մին է։ Յովհաննէս Թումանեանի այնտեղ տեղադրուելիք քանդակն ալ պէտք է ըլլայ չափազանց լաւը։

Անդրադառնալով արձանի հաւանական հեղինակի ընտրութեան՝ Տիգրան Գալստեան ըսաւ, որ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է հասկնայ, թէ ի՞նչ պիւտճէ նախատեսուած է քանդակի ստեղծագործման համար այնուհետեւ պիտի յայտարարուի մրցոյթ մը։ Նախընտրելի է, որ հեղինակը հայ ըլլայ եւ ներկայացնէ մեր մշակութային ներուժը։ Վստահ եմ, որ մենք ունինք լաւ քանդակագործներ», ըսաւ փոխ-նախարարը։

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Միւս կողմէ, վաղը, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս պիտի բացուի «Պեռնինիի դպրոց. հռոմէական պարոք» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Իտալիոյ Արիչչա քաղաքի «Փալացցօ Քիչի» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պարոք ոճի 55 բարձրարուեստ նմոյշ պիտի ցուցադրուի սոյն ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։ Այս ցուցահանդէսը երկուքուկէս ամիս պիտի շարունակուի։ Առաջին անգամն է, որ այս քանակութեամբ իտալական ստեղծագործութիւններ Հայաստան կը տարուին։ «Սա մեծ իրադարձութիւն մըն է մեր երկրին համար»,  ըսաւ Տիգրան Գալստեան եւ աւելցուց, որ իրենք կը փափաքին հայկական արուեստի նմոյշներն ալ ցուցադրել Հռոմի մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018