ՍԻՄՖԵՐՈՓՈԼԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԿՈՉՈՒԻԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Խրիմի Սիմֆերոփոլ քաղաքի օդակայանը կրնայ անուանուիլ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի անունով։ Ներկայիս, ընկերային ցանցերու վրայ սկսած է հարցախոյզ մը՝ ճշդելու համար, թէ որո՞ւ անունով պիտի կոչուի Սիմֆերոփոլի օդակայանը։ Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Այվազովսկիի առընթեր հարցախոյզներու մասնակիցներուն առաջարկուած է Քաթերինա Բ. ռուսաց ցարուհիի եւ ծովակալ Նահիմովի անունները։ Ըստ այժմու տուեալներուն, 133 հազար հոգի նախընտրած է Այվազովսկիի անունը։ Միւս երկու թեկնածուներէն ցարուհիին ի նպաստ քուէարկած է 85 հազար հոգի եւ ծովակալին ի նպաստ՝ 50 հազար հոգի։ Այսինքն, Այվազովսկիի ի նպաստ քուէարկածներու թիւը գրեթէ հաւասար է միւս երկու թեկնածուներու ի նպաստ քուէարկածներուն։

«Ռուսաստանի մեծ անունները» նախագծի շրջանակներէն ներս կը նախատեսուի երկրի 47 օդակայանները կոչել նշանաւոր մարդոց անունով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018