ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԹՐՔԵՐԷՆԸ ԸՆՏՐՈՎԻ ԱՌԱՐԿԱՅ

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի թիւ 71 պետական վարժարանէն ներս թրքերէնը դարձաւ ընտրովի առարկայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թիֆլիզի «Եունուս Էմրէ» կաճառի ջանքերով կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Վերոյիշեալ դպրոցէն ներս հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մեկնարկին առթիւ։ Յիշեալ կաճառին կողմէ պատրաստուած թրքերէնի դասագիրքերը յանձնուեցան աշակերտներուն։ Կրթական մշակներու եւ դպրոցի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան աւարտին տրուեցաւ առաջին թրքերէնի դասը։ Վարժարանի տնօրէն Փաաթա Չորկոլաշվիլի յայտնեց, որ դպրոցի պատմութեան մէջ շատ լաւ շրջան մը սկսած է, որովհետեւ իրենք ձեռնարկած են թրքերէնի դասաւանդման։ Չորկոլաշվիլի ընդգծեց, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ Վրաստանի հարեւանն ու ռազմավարական գործընկերը։ Ուստի, թրքերէնի դասաւանդումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Առաջին հերթին յիշեալ դպրոցէն ներս 21 աշակերտ կը հետեւի թրքերէնի ընտրովի առարկային։

Թիֆլիզի «Եունուս Էմրէ» կաճառի փոխ-տնօրէն Էօզկէ Աքպաշ յայտնեց, որ 2013 թուականէն ի վեր յառաջ կը տանին «Նախընտրութիւնս թրքերէն» ծրագիրը, որով պետական դպրոցներէ ներս թրքերէնը ընտրովի առարկայ կը դառնայ։ Աքպաշ ընդգծեց, որ թրքերէնը կը դասաւանդուի որպէս ընտրովի օտար լեզու։ Այս նախագծի ծիրէն ներս Թիֆլիզի հինգ պետական դպրոցի մէջ ներկայ կրթական շրջանին կը դասաւանդուի թրքերէնը։ Ընդհանուր առմամբ 489 աշակերտ կը հետեւի թրքերէնի դասերուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018