ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան հաւաքի մը մասնակցեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան մնացած են համրուած օրեր եւ շաբաթավերջի քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները իրենց եզրափակիչ պատգամները կը փոխանցեն համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Պաքըրգիւղ, ուր արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի եւ զօրակցութեան։ Իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժումը մեծ հաւաք մը կազմակերպած էր Պաքըրգիւղի մէջ, ուր Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի զրոյցը ժողովուրդին հետ։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան տիրամայր Մարի Մութաֆեան, Մանիշակագոյն շարժման կողմէ առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուներ, գաղափարակիցներ, համակիրներ եւ հետաքրքիրներ։
Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ժագլին Քէօսէ, որ Մանիշակագոյն շարժման կողմէ Պաքըրգիւղէն առաջադրուած թեկնածուներու խումբին գլուխը կը գտնուի։ Իր ելոյթէն վերջ արտայայտուեցաւ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան, որ ընդհանուր խորհրդածութիւններ ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ վերջընթեր փուլին շուրջ։ Ապա հանդէս եկաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ եւս ներկաներուն հետ մանրամասնօրէն բաժնեց իր մօտեցումները, մանրակրկիտ ներկայացուց իր ապագայի վերաբերեալ տեսլականը, նաեւ սպառիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Ընդհանուր առմամբ, երէկուան խօսակցութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցին այն պատգամները, որոնք ուղղուած էին մեր համայնքի այն շրջանակներուն կամ խաւերուն, որոնք կը պատրաստուին պոյքոթի ենթարկել պատրիարքական ընտրութիւնը։ Մանիշակագոյն շարժումը անոնց զգայնութիւնները յարգելով հանդերձ այս շրջանին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքորոշումը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնեն համայնքի ապագային համար։
Ազդու ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ մեր փորձառու ազգայիններէն, համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեան, որ Մանիշակագոյն շարժման կողմէ պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած է Ֆէրիգիւղէն։ Արէտ Երկանեան նախ իր յիշողութիւնները փոխանցեց Հանրապետական շրջանին համայնքային կեանքէ ներս ապրուած զանազան փոթորիկներուն շուրջ։ Ան յայտնեց, որ ներկայ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին ստեղծուած մթնոլորտը կարծես կը գերազանցէ բոլորը՝ ընկերային ցանցերուն ալ ազդեցութեամբ։ Ուստի, Երկանեան կանգ առաւ համայնքէն ներս միասնականութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան միեւնոյն ժամանակ թուարկեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանին ապահովուած կարեւոր ձեռքբերումները։ Այդ բոլորի հիման վրայ Երկանեան նշեց, որ իր համոզմամբ այս փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն է յարմարագոյն թեկնածուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ու մեր համայնքը դէպի ապագայ առաջնորդելու համար։
Հուսկ, բեմ բարձրացան երէկուան երեկոյթը կազմակերպած երիտասարդներն ու Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները, որոնք ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ ողջունեցին սրահը լեցուցած ներկաները։