ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրաթիսլաւայի մէջ։ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 26-րդ հաւաքի ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս տեսակցութիւնը՝ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Այս տեսակցութեան ընդառաջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Երկու նախարարները այս հանդիպումէն վերջ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ զարգացումներուն շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան եւ Մասիս Մայիլեան ընդգծեցին նաեւ, որ անհրաժեշտ է Արցախի մասնակցութիւնը հաշտութեան գործընթացին։

Բաց աստի, անցեալ շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Անոնք այցելեցին նաեւ առաջնագիծ։ «Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին մէջ կարողացած ենք դիրքաւորուիլ մեր ռազմավարական շահերուն համապատասխան», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Միւս կողմէ, Պրաթիսլաւայի այսօրուան հանդիպման ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այցելեց Ատրպէյճան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Պաքու կը զարգացնեն իրենց ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։ Լաւրով Ատրպէյճան այցելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ Մոսկուա եւ Պաքու փոխադարձ զիջումներու հնարաւորութիւն կը տեսնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2019