«ՊՈՒՐԵՒԻ» ՄՐՐԻԿԸ

«Պուրեւի» արեւադարձային մրրիկը դեկտեմբերի 2-ի երեկոյեան մոլեգնած է Սրի Լանքայի արեւելեան ծովեզերքին: Երէկ, այս մասին յայտնած է «The Times of India» թերթը՝ վկայակոչելով Սրի Լանքայի օդերեւութաբանական կեդրոնը։

Սոյն տուեալներով՝ ափամերձ շրջաններու մէջ քամիի արագութիւնը կը հասնի ժամական 80-էն մինչեւ 60 քիլօմեթրի: Կը կանխատեսուին աւելի քան 200 միլիմեթր տեղումներ: Իշխանութիւնները ծովափի շրջաններէն տեղահանած են 75 հազար բնակիչներ, որոնք տեղաւորած են ժամանակաւոր բնակութեան 237 կեդրոններու մէջ: Մրրիկի պատճառով Սրի Լանքայի հիւսիսային եւ արեւելեան նահանգներուն մէջ փակ են դպրոցները եւ պետական հաստատութիւնները: Օդերեւութաբաններու կանխատեսումներով՝ երէկ «Պուրեւի»ն տեղափոխուեցաւ հիւսիս-արեւմուտք, իսկ այսօր կը հասնի Հնդկաստանի հարաւային ափ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020