ԱՆԳԱՐԱ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՇՐՋԱՆԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Էրտողան նշեց, որ այս հակամարտութեան պարագային սկսած է նոր շրջան մը, մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը նոր հնարաւորութիւններու պատուհաններ պիտի բանայ, ինչ որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ տարածքաշրջանի բոլոր երկիրներուն տեսակէտէ՝ ներառեալ Հայաստանը։

Նախագահ Էրտողան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն այցելել Պաքու, ուր պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այցելութեան ծրագրին վերաբերեալ տակաւին վերջնական մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, սակայն յայտնի է, որ Էրտողան Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի մեծ զօրահանդէսի մը։ Սոյն շքերթը նախատեսուած է Ատրպէյճանի բանակին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարուած յաղթանակին բերումով։

Յետպատերազմեան ներկայ շրջանին Անգարայի կողմէ ատեն-ատեն դրական ազդանշաններ կը տրուին Երեւանին։ Բացի Էրտողանի վերոյիշեալ արտայայտութիւններէն, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 27-րդ ժողովին ժամանակ։ Առցանց կազմակերպուած նախարարներու հաւաքի ընթացքին ան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը կ՚ընձեռէ իսկական հնարաւորութիւն՝ երեք տասնամեակ վերջ խաղաղութեան հաստատման համար։ Ըստ Չավուշօղլուի, սա միանշանակ դրական ազդեցութիւն մը պիտի գործէ տարածքաշրջանային կայունութեան վրայ։ Ըստ իրեն, համաձայնութիւնը դրական պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020