ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ ԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑԱՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով (Ռուսաստան), Ժան-Իվ լը Տրիան (Ֆրանսա) եւ Սթիվըն Պիկան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, պետական քարտուղարի տեղակալ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին օգտուիլ հրադադարէն եւ համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի մը հասնելու համար։

Այս համատեղ յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ հեռավար դրութեամբ կազմակերպուած տարեկան ժողովի ձեւաչափին մէջ։ Լաւրով, Լը Տրիան եւ Պիկան յայտարարութիւնը ստորագրեցին՝ որպէս համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավար։ Նոյն յայտարարութեան մէջ համանախագահ երկիրները կոչ ուղղած են միջազգային հանրութեան՝ ներառեալ Կարմիր խաչը, ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ երկիրները, որպէսզի համակարգուած ձեւով յստակ քայլերու ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներէն ներս մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման համար։ Համանախագահները վերահաստատեցին նաեւ իրենց աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի եւ անոր խումբի շարունակական աշխատանքին համար։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար ընդգծուեցաւ պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ։ Ընդգծուեցաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը փափաքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորել առարկայական բանակցութիւններու միջոցաւ։ Պատուիրակութիւններու ղեկավարները, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին յորդորեցին կատարել հրադադարի մասին եռակողմանի յայտարարութեան պահանջներ։ Բաց աստի, անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ եւ ամբողջական ձեւով հեռացուին բոլոր արտասահմանեան վարձկանները։ Համանախագահ երեք երկիրները Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին յիշեցուցին նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով անոնց վիճակած պարտաւորութիւնները եւ մասնաւորապէս համահունչ եղանակով գերիներու եւ զոհուածներու աճիւններու փոխանակումը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ իրենց, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հրադադարի հնարաւորութենէն օգտուելով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ պէտք է բանակցին հասնելու համար պայմանագրի մը, որ պիտի երաշխաւորէ յարատեւ խաղաղութիւնը։ Անոնք կողմերուն յորդորեցին հնարաւորինս արագ տարածքաշրջանէ ներս ընդունիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ վերահաստատել բովանդակային բանակցութիւններով ու համաձայնեցուած ժամանակացոյցով առկայ հիմնահարցերը բացառապէս խաղաղ եղանակով կարգաւորելու ձգտումը։

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռաման ալ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդութեամբ։

Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ ալ հեռախօսազրոյց մը ունենալով քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին մարդասիրական խնդիրներու լուծման հաւանականութիւններուն վրայ։ Ղարաբաղեան նիւթը մինչ Ռուսաստանի տեսակէտէ կը մնայ օրակարգային, Սերկէյ Լաւրովն ալ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի երէկուան ժողովին ժամանակ խօսեցաւ այս մասին։ «ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս տագնապալի իրավիճակներու լուծման շուրջ ապահովուած համաձայնութիւնները պէտք է աւելի շատ աջակցութիւն ստանան անդամ պետութիւններուն կողմէ։ Սա կը նպաստէ անոնց իրականացման։ Այս բանը կ՚ակնկալենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։ Մենք կը շարունակենք ամէն ձեւով աջակցիլ։ Կը կարեւորենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահներու միջեւ համագործակցութիւնը», ըսաւ Լաւրով առցանց հաւաքի ընթացքին։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարութեան վերահսկողութեան տակ կը գտնուի ռազմագերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման հարցը։

ԵԱՀԿ-ի նախարարական հանդիպման ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Սթիվըն Պիկանն ալ Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղեց, որպէսզի վերսկսին աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հետ։

Նոյն հաւաքի ընթացքին Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասն ալ նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ մնալ քաղաքական կարգաւորման եւ կայուն խաղաղութեան ապահովման համար շրջանակ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ունի լիազօրութիւն՝ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ենթակառուցուածքներու վերականգնման մասնակցելու ներուժով հանդերձ։ «Գերմանիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը յարմար միջոց մը կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կայուն կարգաւորման հասնելու հարցին մէջ», նշեց Մաաս։

ՊՈՐԵԼԷՆ ԳԱՆԳԱՏ

«ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել գանգատներով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ստեղծուած վիճակին կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան եւ Թուրքիա ԵՄ-ն դուրս կը մղեն Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացներէն։ «ԵՄ պէտք է ներկայ ըլլայ այնտեղ, ուր շահեր ունի։ Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտ է մեր ներուժը կեանքի կոչելու հարցին մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներ յաղթահարել», ըսաւ եւրոպացի յանձնակատարը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020