ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

Փրկարարները Ֆրանսայի  հարաւի Փերփինիան քաղաքին մէջ քանի մը ժամ տեւող գործողութեան ընթացքին զետեղած են շինարարական կռունկ՝ բնակարանէն դուրս բերելու համար այն տղամարդը, որ կը կշռէ 300 քիլօկրամ։ Ան իր աւելորդ քիլօներուն պատճառաւ աւելի քան տարի մըն է չէր կրնար փողոց դուրս գալ։ Շէնքի բնակիչները պարպելէ վերջ, քանդած են շէնքին ճակատամասին մէկ բաժինը։ 50 հոգի աշխատած է, որպէսզի տղամարդը դնեն «քոնթենիըր»ի մը մէջ ու զայն փոխադրեն հիւանդանոց։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2020