ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՎ ԶԱՐՈՒՀԻ ՏՈԼՈՒԽԱՆԵԱՆԸ
Մեր մեծերէն Զարուհի Տոլուխանեան 2007 թուականի այս օրը, 89 տարեկանին մահացաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ։ Ան թաղուած է Մոսկուայի հայոց գերեզմանատունը։ Մասնագիտութեամբ օփերայի քոլորաթուրա երգչուհի, երաժշտութեան ուսուցիչ եւ երգչուհի Զարուհի Տոլուխանեան ծնած է 1918 թուականի մարտի 15-ին՝ Մոսկուա։ Իր մեցցօ-սոփրանօ երգաձայնով ան դարձած է աշխարհահռչակ։ Զարուհի Մակարեան-Տոլուխանեան եղած է խորհրդային օփերայի երգչուհի ու վոքալ կատարողական արուեստի վարպետ։
1933 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Կնեսիններու անուան երաժշտական ուսումնարանը, 1957 թուականին՝ Մոսկուայի Կնեսիններու անուան երաժշտական մանկավարժական կաճառը։ 1941 թուականին ընդունուած է Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոն, հանդէս եկած է Օլկայի (Չայքովսքիի «Եւկենի Օնեկին»), Գայիանէի (Սպենդիարեանի «Ալմաստ»), Զիպելի (Կունոյի «Ֆաուսթ»), Տունեաշայի (Ռիմսքի-Քորսաքովի «Թագաւորի հարսնացուն»), Փոլինայի (Չայքովսքիի «Փիքովայա Թամա») եւ այլ դերերգներով։
1944 թուականին տեղափոխուած է Մոսկուա, նուիրուած է համերգային գործունէութեան․ եղած է Համամիութենական ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան, 1959 թուականին՝ Մոսկուայի ֆիլհարմոնիքի մենակատարուհի։ 1949 թուականին Պուտափեշտի մէջ կայացած երգիչներու միջազգային մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակի։ Տոլուխանեան աշխարհահռչակ երգչուհի մըն է․ անոր ձայնը կ՚առանձնանայ քոլորաթուրային մեցցօ-սոփրանոյի մէջ հազուադէպ հանդիպուող գեղեցիկ ձայնաելեւէջներով եւ մեծ ձայնաչափով (երկու եւ կէս օքթաւ), յատկապէս տպաւորիչ է թաւշեայ ձայնի եւ թեթեւ, փայլուն քոլորաթուրայի զուգորդումը։
Զարուհի Տոլուխանեան կատարած է ինչպէս թեքնիկ ազատութիւն եւ ձայնի յատուկ շարժունակութիւն պահանջող արհեստավարժ գործեր, այնպէս ալ լայնաշունչ մեղեդայնութեամբ եւ ներքին սրտայոյզով առանձնացող երգեր։ Տոլուխանեանի երգացանկին մէջ մեծ տեղ գրաւած են հայ յօրինողները. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Ալեքսանդր Սպենդիարեան, Ռոմանոս Մելիքեան, Արամ Խաչատուրեան եւ այլք, ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդական երգերը։ Համերգներ սարքած է Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Լեհաստանի մէջ եւ այլուր։
Տոլուխանեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու. ինչպէս՝ Ստալինի մրցանակ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 4-րդ աստիճանի շքանշան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Խոպան հողերու իւրացման համար» մետայլ, «Աշխատանքի վեթերան» մետայլ, «1941-1945 թթ. Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 50-ամեակ» յոբելենական շքանշան, «Մոսկուայի 850-ամեակի յիշատակի» մետայլ, Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, Ռուսաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Լենինի մրցանակ, Վլատիմիր Իլյիչ Լենինի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական մետայլ, «Հանքափորի փառք» շքանշան եւ Ռոպերթ Շումանի անուան մրցանակ։