ԱՆԱՆՏԵՍԵԼԻ ՏԱԳՆԱՊ

Առկայ տնտեսական պայմաններուն ներքեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրները այս շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ քննարկման առարկայ կը դառնան։ Մտահոգութիւններու եւ զգայնութիւններու խաչմերուկին վրայ, բնականաբար, կ՚առանձնանան այն ծանր դժուարութիւնները, որոնք բաժին կը հասնին՝ մասնաւորապէս մայրենիով արտադրուող թերթերուն։ Այս անանտեսելի տագնապը զանազան երեսակներով խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի եւ յաղթահարման հեռանկարներուն շուրջ այս շրջանին յաճախակի դարձած են կարծիքի փոխանակումները։

Վաղը երեկոյեան, այս շրջանակին մէջ, ARTI արբանեակային հեռուստակայանէն մասնաւոր ծրագիր մը պիտի սփռուի փոքրամասնութիւններու մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններու օրակարգով։ Այսպէս, յիշեալ հեռուստակայանը արդէն ամէն շաբաթ կը սփռէ ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Haftanın Hayı Huyu»։ Այս հաղորդումը կը վարեն յունաց «Ափոեւմաթինի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատիս եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Այս երկուքը համախոհաբար որոշած են այս շաբթուան հաղորդումը կեդրոնացնել փոքրամասնութիւններու մամուլին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ։ Ուստի, վաղը սփռուելիք ծրագրին որպէս հիւր ներգրաւուած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն յիշեալ հեռուստակայանի տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագրի տեսագրութիւնը, որ վաղը պիտի սփռուի, աւելի վերջ պիտի կրկնուի եւ հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին փոքրամասնութիւններու մամուլի ներկայացուցիչները առկայ անանտեսելի տագնապի մթնոլորտին մէջ հանդէս եկան ուշագրաւ խորհրդածութիւններով, որոնք կը վերաբերին ո՛չ միայն մամուլի բնագաւառին, այլեւ ընդհանրապէս երկրի փոքրամասնութիւններու կեանքին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021