«ՀԱՅԱՍԱԹ-1»Ը ՄՏԱՒ ԻՐ ՈՒՂԵԾԻՐԸ

Հայաստանի կողմէ արտադրուած առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»ը, որ շաբաթավերջին արձակուած էր, արդէն մտած է իր ուղեծիրը։ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ արբանեակին հետ յաջողութեամբ կապ հաստատուած է եւ ան սկսած է ուղարկել իր առաջին ազդանշանները։

Հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու գիտաշխատանոցի եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնի (CSIE) համատեղ աշխատանքով արտադրուած արբանեակը արդէն անջատուած է հրթիռէն ու մտած իր ուղեծիրը։ Գիտնականները տեղեկացուցին, որ արբանեակը լաւ կը բանի եւ կը ղրկէ իր պարբերական ազդանշանները։ Աշխատանքները կ՚ընթանան ըստ նախատեսուածին՝ առանց խոչընդոտի։

Գիտական խումբը տեղեկացուցած է, որ յաջորդ փուլի գործունէութեան ալ նախատեսուած հունին մէջ ընթացք տալու համար ամէն ինչ կը կատարուի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023