ՄԻՇՏ ԱՐԻՒՆ ՈՒ ԱՐՑՈՒՆՔ

Իսրայէլի յօժարած կարճատեւ հրադադարէն վերջ, Կազզէի մէջ պատերազմը ամբողջ թափով կը շարունակուի։ Միջազգային լրահոսի մէջ սրտաճմլիկ դրուագները իրարու յաջորդել վերսկսած են։ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը միջազգային բեմահարթակի վրայ խոր մտահոգութեան առարկայ է։ Թուրքիան ալ իրադարձութիւններուն կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան առկայ մթնոլորտին մէջ այսօր կ՚այցելէ Քաթար։ Իր օրակարգին վրայ առաջնահերթ է մշտական հրադադարի հասնիլը։ Տոհայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի կողմէ։ Էրտողան, որ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն վերջ այսօր կը հասնի Քաթար։ Կը հաղորդուի, որ երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու քննարկման առընթեր, Էրտողան եւ Ալ Սանի առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմին։

Կազզէի արիւնալի իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ պաղեստինցիները արդէնկը լքեն Արեւմտեան Շերիան։ Միջազգային բեմահարթակի վրայ Իսրայէլի գլխաւոր զօրակիցը կը հանդիսանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, սակայն, այդ առումով ալ ամէն ինչ շատ հարթ ըլլալ չի թուիր։ Արդարեւ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու շաբաթավերջին յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ի հետ ունին տարբեր մտածումներ։ Իր խօսքով՝ Կազզէի յարձակումներուն հետեւանքով Իսրայէլի վրայ թէեւ միջազգային ճնշում կը բանեցուի, սակայն, իրենք անհրաժեշտ գետինը ապահոված են իրենց նպատակներուն հասնելու համար։ «Մեր նպատակն է «Համաս»ը ոչնչացնել, մեր գերիները ետ առնել եւ Կազզէի մէջ ահաբեկչական նոր հակակշռի մը ձեւաւորումը կանխել», ըսաւ Նեթանիյահու եւ աւելցուց, որ Ուաշինկթըն այդ երեք նպատակներէն առաջին երկուքին համամիտ է։ «Մենք կը ջանանք համոզել մեր ամերիկացի բարեկամները, սակայն, ի վերջոյ սա մեր պատերազմն է եւ վերջին որոշումները մենք պիտի տանք», շարունակեց ան։

Տեղական մամուլն ալ կը գրէ, որ Նեթանիյահու սկսած է սրտնեղութիւն պատճառել նոյնիսկ ԱՄՆ-ին։ Այսպէս, Ուաշինկթըն կողմնակից է, որ պատերազմի աւարտին Կազզէի հակակշիռը տրուի Պաղեստինի Ինքնավարութեան, իսկ Իսրայէլ դէմ է այս բանին։

Սպիտակ տունէն ալ շաբաթավերջին յոռետես յայտարարութիւններ հնչեցին։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քէօրպի յայտնեց, որ այս պահուն կողմերէն որեւէ մէկը չի փափաքիր վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2023