ԱՐԱՂՉԻ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 28-րդ հաւաքը։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Արաղչի եւ Պայրամով քննարկեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան խնդիրները։ Անոնք մասնաւորապէս շօշափեցին Ատրպէյճանի հիմնական տարածքն ու Նախիջեւանը Իրանի վրայով կապելու յարմարութեամբ ենթակառուցուածքներու ստեղծման հարցը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2024