ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Սուրիոյ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Անգարա-Մոսկուա առանցքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան, որոնք Իրանի հետ միասին կը փորձեն իրադարձութիւնները հունաւորել, Հալէպի ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը անցնելէ վերջ արժեւորեցին իրավիճակը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ մանրամասնութիւններ հաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, երկկողմանի օրակարգին առընթեր, անոնք քննարկեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Էրտողան շեշտեց, որ Դամասկոսի վարչախումբը յանձնառու պէտք է ըլլայ քաղաքական լուծման։
Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ նախագահները մանրամասնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ՝ կտրուկ սրուած իրավիճակը։ Անոնք պայմանաւորուեցան մշտապէս շփման մէջ ըլլալ՝ կարգաւորման ուղիներ գտնելու համար։
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանն ալ երէկ յայտնեց, որ կը պատրաստուի նոյն նիւթերուն շուրջ տեսակցիլ Վլատիմիր Փութինի հետ։