ՉԸԼԼԱԼ «ԱԶԳ-ՆԱՀԱՏԱԿ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրէն արտագաղթի պատճառն է՝ տարածաշրջանի հակամարտային միջավայրը։ Իր խօսքով՝ այս հարցը 1990-ականներէն ի վեր կը քննարկուի։ Վարչապետը համոզուած է, թէ պատճառները թէեւ յաճախ կը կապուին ընկերային, տնտեսական եւ իրաւական խնդիրներու հետ, սակայն, անոնք արտագաղթի բուն պատճառներու չնչին տոկոսը կը կազմեն։ «Եկէք խոստովանինք, ի վերջոյ, որ արտագաղթի պատճառները 90 տոկոսով կապուած են մեր վարած տարածաշրջանային քաղաքականութեան հետ։ Արտագաղթի առաջինէն մինչեւ տասնմէկերորդ պատճառն է՝ մեր հակամարտային յարաբերութիւնները մեր միջավայրին հետ։ Ընկերային դժուարութիւնները, արդարութեան պակասը եւ տնտեսական խնդիրները նոյնպէս կապուած են հակամարտային միջավայրին հետ, ինչ որ երկար տարիներ չէ քննարկուած հասարակութեան պատումին մէջ», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս 2025 թուականի պետական պիւտճէի օրէնքի նախագծի քննարկումներուն ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է դիրքաւորուի՝ որպէս պետութիւն մը, որ ինքզինք կը հռչակէ ու կը սահմանափակէ միջազգայնօրէն հռչակուած, ընդունուած կանոններով գործելու համապատասխան։ Ան համոզուած է, թէ պետութիւնը պարզապէս սեփական շահերու համապատասխան տրամաբանութեամբ պէտք է գործէ։ «Այսինքն՝ պետութիւնը ունի յստակ տարածք մը, պատասխանատուութեան յստակ գօտի մը, միջազգայնօրէն ճանչցուած յստակ տարածք եւ կը գործէ միայն ու միայն այդ սեփական պատասխանատուութեան տարածքի շահերուն համապատասխան», ըսաւ ան։

Այս կէտին վարչապետը կանգ առաւ տնտեսական զարգացման վրայ եւ աւելցուց, որ պետութիւնը պէտք է գործէ միայն ու միայն սեփական տնտեսական զարգացման շահերուն համապատասխան։ Այստեղ կան տասնեակ շերտեր՝ սկսեալ արտաքին ու ներքին քաղաքականութենէն, մինչեւ աշխարհաքաղաքականն ու ընկերատնտեսականը։ Ան հերթական անգամ կրկնեց, որ Հայաստանի անվտանգային համակարգի առաջին գծին վրայ բանակը պէտք չէ ըլլայ։ Բանակէն առաջ պէտք է այլ պատնէշներ ըլլան. օրինակ՝ տնտեսական փոխադարձ կախուածութիւններ։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է յաղթահարէ «ազգ-նահատակ» ընկալումը, որ ձեւաւորուած է միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ։ Յատկապէս մեր առաջադրած ազգային ռազմավարային խնդրի համատեսքին մէջ, որն է պետականութեան յարատեւութիւնը, մեզի համար շատ կարեւոր է՝ մենք ընկալենք, թէ աշխարհ ինչպէ՛ս մեզ կ՚ընկալէ», ըսաւ ան խորհրդարանի ամպիոնէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2024