ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԼՈՒԾՈՒՄ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) ներս տարեմուտի դրութեամբ տեղի ունեցաւ հերթի փոխանցում մը։ Այսպէս, տարեմուտի դրութեամբ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնեց Վալերի Սեմերիքով, որ կը յաջորդէ Նիքոլայ Պորտեուժային։ Հարկ է նշել, որ սա միջանկեալ կարգադրութիւն մըն է եւ կառոյցի պաշտօնական աղբիւրները չեն նշած, թէ ինչ ժամկէտով պիտի պաշտօնավարէ Վալերի Սեմերիքով։
ՀԱՊԿ-էն ներս ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար որդեգրուած է ռոթասիոնի սկզբունքը՝ ըստ այբբենական կարգի։ Սոյն ընթացակարգի հիման վրայ տակաւին 2015 թուականին ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար պէտք է դառնար Հայաստանի ներկայացուցիչը, սակայն աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը յետաձգուի այդ անունին վերջնականօրէն ճշդուիլը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Ըստ իրեն, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան համար նախապէս ընդունուած որոշումը ի զօրու է։ Ան ըսաւ. «Որոշումը, թէ այբբենական կարգով պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ստանձնման հերթականութիւնը ըստ երկիրներու, չէ փոխուած։ Հայաստան տակաւին կը սպասէ իր հերթին, իր ներկայացուցիչին միջոցաւ ընդհանուր քարտուղարի պարտականութիւնները ստանձնելու համար»։ Ըստ իրեն Պորտեուժայի պարտականութիւններուն փոխանցումը ներքին ընթացակարգի մը արդիւնքն է։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ԹԻՖԼԻԶ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները յառաջիկայ տարի եւս պիտի շարունակէ գանձատրել Վրաստանի հետ ռազմական ծրագրերը, մասնաւորապէս համատեղ ռազմափորձերու կազմակերպման ուղղութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթավերջին հաստատեց 2017 թուականի ռազմական պիւտճէն եւ այսպէսով յաջորդ տարուան պաշտպանական ծախսերը յստակեցնող փաստաթուղթը ստացաւ օրէնքի ուժ։
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ յայտնեց, որ սա շատ կարեւոր փաստաթուղթ մըն է։ Արդարեւ, այդ փաստաթուղթին շնորհիւ հերթական անգամ կ՚ընդգծուի Վրաստանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը։
Սպիտակ տունը եւս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ մեկնաբանելով Վրաստան-ԱՄՆ համատեղ ռազմական ծրագրերու հեռանկարները 2017-ի համար։ Այսպէս, Վրաստան ԱՄՆ-ի արժէքաւոր գործընկերներէն մին է։ Ամերիկեան կողմը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան համար՝ երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ։ Սպիտակ տան աղբիւրները շեշտեցին, որ ամերիկեան կողմը չի ճանչնար Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը։
Վրաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնեց, որ ամերիկեան ռազմական պիւտճէին մէջ Վրաստանին վերաբերեալ կէտի մը գոյութիւնը կը վկայէ, թէ իր երկիրը յաջորդ տարի եւս նշանակալի տեղ մը պիտի ունենայ Ուաշինկթընի քաղաքական օրակարգին վրայ։ Զալքալիանի համոզուած է, որ ամերիկեան ռազմական պիւճէին մէջ Վրաստանի յիշատակումը արդիւնքն է Թիֆլիզի կողմէ գործադրուած դիւանագիտական ջանքերուն։ «Օրէնքի դրոյթները հնարաւորութիւն կու տան, որպէսզի Վրաստան Եւրոպայի գործընկեր պետութիւններուն եւ ԱՄՆ-ի հետ կազմակերպէ համատեղ զօրավարժութիւններ, նաեւ այլ քայլեր իրականացնելով բարձրացնելու համար երկրի պաշտպանունակութիւնը։ Սա թոյլ պիտի տայ նաեւ վրացական բանակը մօտեցնելու ՆԱԹՕ-ի չափանիշներուն՝ դիմակայելով արդէն առկայ կամ հաւանական մարտահրաւէրներուն», ըսաւ փոխ-նախարարը։