ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ՉԷ ՈՒՆԵՆԱԼ ՆՈՅՆ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ»

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ կամ աշ­խար­հի վրայ ա­մէն մարդ պար­տա­ւոր չէ ու­նե­նալ նոյն ապ­րե­լա­կեր­պը։

Ե­րէկ, Էր­տո­ղան Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րին մէջ իր 33-րդ հան­դի­պու­մը ու­նե­ցաւ երկ­րի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն փու­թա­ցած թա­ղա­պետ­նե­րու կամ գիւ­ղա­պետ­նե­րու հետ։ Իր խօս­քե­րով, ե­թէ ո­մանք կը հա­մա­րեն, թէ Թուր­քիա անձ­նա­տուր ե­ղած է ա­հա­բեկ­չու­թեան, ա­պա ա­նոնք ա­հա­բե­կիչ­նե­րու հետ նոյն շար­քե­րուն մէջ կը դա­սուին։ Ար­դա­րեւ, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ նպա­տակն է այդ­պի­սի տպա­ւո­րու­թեան մը ստեղ­ծուի­լը։ Ե­թէ Թուր­քիա կորսնց­նէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը, ա­պա հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուան Սեւ­րի ծու­ղա­կը վերս­տին պի­տի գայ իր առ­ջեւ։ Հե­տե­ւա­բար երկ­րի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տէր իւ­րա­քան­չիւր անձ պէտք է խնդրին մեր­ձե­նայ այս գի­տակ­ցու­թեամբ եւ ըստ այդմ ճշդէ իր ո­ճը, դիր­քը։

Էր­տո­ղան յի­շե­ցուց, որ Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բակ­չա­կան խմբա­ւո­րում) դէմ պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի։ Թուր­քիա տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պայ­քար կը մղէ սե­փա­կան անվ­տան­գու­թեան հա­մար։ «Ա­նոնք, ո­րոնք այդ պայ­քա­րը կը հա­մա­րեն՝ որ­պէս այլ պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տու­թիւն, կը նշա­նա­կէ, որ ո­չինչ կը հասկ­նան ամ­բողջ ան­ցու­դար­ձէն», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ յի­շե­ցուց, որ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ա­մե­նաազ­դու պայ­քա­րը մղող եր­կի­րը Թուր­քիան է։ Երկ­րի դի­րքո­րո­շու­մը պի­տի չփո­խուի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կե­րու­թիւն­նե­րուն դէմ։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին՝ որ­պէս­զի Էլ Պա­պի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յի­շե­ցուց, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ կան յու­սադ­րիչ զար­գա­ցում­ներ։ Այս ծի­րին մէջ ան խօ­սե­ցաւ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ հա­մա­տեղ կա­տա­րուած նա­խա­ձեռ­նու­թեան շուրջ։ «Մեր մե­ծա­գոյն մաղ­թանքն է, որ այս գոր­ծըն­թա­ցը պսա­կուի յա­ջո­ղու­թեամբ եւ Սու­րիոյ մեր եղ­բայր­նե­րուն ցա­ւե­րը վերջ գտնեն ժամ ա­ռաջ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017