ՃՇՄԱՐԻՏ ԼՈՅՍԸ

Էր Լոյսն ճշմարիտ,
որ լուսաւոր առնէ զամենայն մարդ,
որ գալոց է աշխարհ
(Յովհաննէս, 1.9)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.

Աստուածայայտնութեան տօն է այսօր։ Տօն՝ Աստուածային անմար ու մշտնջենական Փարոսի՝ Աստուծոյ Միածին Որդիին մարմնացման, մարդեղութեան, ծննդեան եւ յայտնութեան։ Փառք Ամենակալին Աստուծոյ որ, մեզի պարգեւած է մեծագոյն շնորհը, որպէս միակ միջոցը  փրկութեան։

Քրիստոսի յայտնութիւնը Քրիստոնեայ հաւաքականութեանց կեանքէն ներս համաշխարհային չափանիշով ողջունելի տօնակատարութիւն մըն է։ Օրեր առաջ մենք զմեզ կը գտնենք պատրաստութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Ոչ միայն մենք այլ նաեւ առեւտրական կեդրոններ, վաճառատուներ թափ կու տան իրենց պատրաստական աշխատանքներուն, ընդունելու՝ այս կարեւոր տօնին արժէք ընծայողներու դիմումները, բնականաբար առեւտրական շահ ապահովելու ակնկալութեամբ։

Գովելի փութկոտութիւն, որով մեր ընտանեկան յարկերը տարբեր գոյն կը ստանան։ Զգալի կը դառնայ տարբերութիւն մը։ Զարդեր, լոյսեր կը գունազարդեն մեր բնակարանները։ Եւ մենք զմեզ կը գտնենք տօնական մթնոլորտին առինքնող ձգողականութեանը մէջ։

Երբ կ՚ապրինք տօնական այս մթնոլորտի երջանկութիւնը, կայ հարցում մը, զոր եթէ ուղղենք մենք մեզի, այդ պիտի ըլլայ բարերար ներգործութեան բանալին, որուն ուղիղ պատասխանի նկատմամբ մեր որդեգրելիք կեցուածքը  իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր հաւատքի կեանքէն ներս։ Թէ ի՞նչ է այդ հարցումը. «Ո՞վ է Քրիստոս, որուն յայտնութիւնը կը տօնենք»։

Նախ եւ առաջ կը մտաբերենք, թէ այս  հարցումը նոյնինքն Յիսուս ուղղած էր իր աշակերտներուն (Ղուկաս, 9.18)։ Անոնք, իրենց լսածներուն համաձայն պատասխանած էին այդ հարցումին, որոնք կը ցոլացնէին իրենց շրջապատի այլոց գաղափարները։ Այս հարցումին կարեւոր պատասխանը տուած էր Պետրոս առաքեալ ըսելով. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս, 16.16)։ Պետրոս առաքեալէն առաջ մեր առաջին լուսաւորիչներէն Բարթողոմէոս, ծանօթ՝ նաեւ Նաթանայէլ անունով, Յիսուսի հետ ունեցած զրոյցի պահուն «Ռաբբի, Դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը» (Յովհաննէս, 1.49) ըսելով յայտարարած էր Յիսուսի Մեսիա ըլլալու հանգամանքը եւ արժանացած՝ «նախադաւան առաքեալ» կոչուելու պատիւին։

Քրիստոսի սիրելի աշակերտը Յովհաննէս Աստուածաբան Աւետարանիչ գրի առած Աւետարանի սկիզբը շատ գեղեցիկ ու ազդու բառերով կը ծանօթացնէ Քրիստոսը։ Այս բառերը Քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարերն են։ Այդ բառերուն մէջ հիմնական իր տեղը ունի «Լոյս» բառը։ Լոյս, առանց որուն խաւարը կը տիրապետէ ամենուրէք։ Լոյս, առանց որուն մարդիկ իրենք զիրենք ապահով չեն զգար։ Լոյս, առանց որուն մարդիկ անորոշութեան մէջ կը տուայտին։ Լոյս, առանց որուն մարդիկ անգործութեան կը դատապարտուին։ Այս բոլորը յիշելով, Սուրբ Աւետարանի նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքով ու վստահութեամբ կ՚ըսենք թէ՝ «Կեանքը լոյս է մարդոց»։ Աստուած՝ կեանքի աղբիւրը, արարիչը՝ երեւելիներուն եւ աներեւոյթներուն, նոյնինքն կեանքն է եւ Տէրը՝ ամենայնի։ Տիրոջ արարչագործ Խօսքը Սուրբ Հոգիով մարմին առաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, եւ Քրիստոս յայտնուեցաւ։ Որքան գեղեցիկ են «Տաղարան»ի բառերը, զուգահեռ՝ Սուրբ Աւետարանին. «Բանն որ ի Հօրէ էր լոյս. Իջեալ ի յերկնից մեզ յոյս. Ի քէն մարմնացաւ սուրբ Կոյս. Մայր Մանուէլի»։

Յովհաննէս Աւետարանիչ մեզի կը ներկայացնէ Հօր եւ Որդւոյ անխզելի եւ մշտնջենական կապը ու կու գայ իր անեղծ դրոշմը դնել մեր բոլորին կեանքերէն ներս, նաեւ տալով լաւագոյն պատասխանը բոլոր անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին Քրիստոսի անձին հետ. «Ան էր ճշմարիտ Լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ» (Յովհաննէս, 1.9)։ Դարձեալ կը լսենք «Տաղարան»էն բառեր, որոնք կը բնութագրեն Քրիստոսի՝ Ճշմարիտ Լոյսին յայտնութեան ուրախութիւն պարգեւող հանգամանքը. «Յանեղական լոյսն ի Հօրէ մեզ յայտնեցաւ. Կամաւ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն մարմին զգեցաւ. Ի Բեթղեհէմ ի Սուրբ Կուսէն տղայ ծնաւ. Բոլոր ծնունդս ադամային ուրախացաւ»։

Երբ կը լուսաւորուինք նիւթեղէն արեգակին լոյսով՝ կ՚անդրադառնանք, թէ ան որքա՜ն կարեւոր է բնութեան համար։ Երբ կ՚ընդգծենք լոյսի եւ ջերմութեան աղբիւր՝ արեգակին կարեւորութիւնը, արդեօք կը մտաբերե՞նք այն Գերագոյն Լոյսը, որ ստեղծած է մեզ լուսաւորող ու ջեռուցող արեգակը։ Այս Գերագոյն Լոյսն է, որ «խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը տեսաւ»։ Այս Գերագոյն Լոյսն էր որ «մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն վրայ ծագեցաւ» (Եսայի, 9.2)։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հայրը՝ Ժ. դարու մատենագիրներէն Խոսրով Անձեւացի իր «Մեկնութիւն Աղօթից» երկասիրութեան մէջ կ՚անդրադառնայ կենսապարգեւ Լոյսի ներգործութեան։ Հետեւելով իր տողերուն՝ կը կարդանք թէ՝ «Աշխարհի Լոյսը կռապաշտութեան խաւարին մէջ, անհաւատութեան ստուերին  տակ բնակողներուն վրայ ճշմարտապէս ծագեցաւ, անոնց՝ որոնք երբեք չէին ակնկալեր լոյսի ծագումը»։ Կը կարդանք իր թելադրանքը, որով կը հրաւիրէ «շուքի տակ նստելու վիճակէն դուրս գալ եւ դիմել լոյսին, ճշմարտապէս տեսնելու համար անոր պայծառութիւնը»։ Կը յիշեցնէ թէ՝ «անոնք որոնք  մահուան ստուերին տակ կը նստէին նսեմացած, կը գտնուէին անաստուածութեան խաւարին մէջ, գրաւուած՝ մահուան իշխանութեամբ եւ բաժին դարձած՝ չարին։ Մահը կը հովուէր զիրենք, չարաչար ծառայութեան եւ վիշտերու մէջ։ Երբ Արդարութեան Արեգակը այցելեց բարձունքէն, լուսաւորեց հոգիներու խաւարը»։

Արդարութեան Արեգակը՝ Քրիստոս կը յայտարարէ, ըսելով. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. Ով որ իմ ետեւէս կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։

Սաւուղ, ի սկզբանէ Աստուծոյ Եկեղեցին  հալածելը իրեն համար սրբազան կոչում մը կը նկատէր։ Քրիստոսի ներկայութեան լուսաողող տեսիլքով դարձի գալով, այս անգամ որպէս Պօղոս առաքեալ, դարձաւ պաշտպանը եւ քարոզիչը Քրիստոսի Աւետարանին։ Պօղոս առաքեալ որպէս լուսաւորիչը հեթանոսներու, Կողոսացիներու գրած նամակին մէջ կը խոստովանի իր ապրած կեանքի փոփոխութիւնը, որով իսկութեան մէջ թարգման կը հանդիսանայ ի Քրիստոս հաւատացեալներու. «Աստուած մեզ փրկեց խաւարի իշխանութենէն եւ մեզ փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութիւնը։ Անով մենք փրկութիւն ունինք իր արեան միջոցով եւ մեղքերու թողութիւն՝ իր մարմինով» (Կողոսացիս, 1.12-14)։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին երբ կ՚ապրինք Բեթղեհէմի լուսաճաճանչ մսուրի երջանկութիւնը, սրտագինս փարինք այն անյեղլի ճշմարտութեան, որ է Յիսուս Քրիստոս, Փրկիչն է աշխարհի եւ Ճշմարիտ Լոյսը, որուն կը կարօտինք մեր կեանքերը իմաստաւորելու համար։ Այս առումով լսենք Պետրոս առաքեալի պատասխանը, տրուած Գալիլիացի Վարդապետին. «Տէր որո՞ւն պիտի երթանք։ Դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Եւ մենք հաւատացինք եւ ճանչցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.69-70)։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին կը բաժնենք Արմաշական Արտաւազդ Վրդ. Գալէնտէրեանի  1906-ին Երզնկայէն գրի առած «Ծնեալ Փրկչին» բանաստեղծութենէն հատուած մը, ուր Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ հոգեւորականը դիւրահասկնալի ու պարզ բառերով մեզ կը փոխադրէ հաղորդ դառնալու Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդին յայտնութեան լուսաւէտ աւետիսին.

Մեղքն ու ցաւերը սրտին մեր՝
Ցաւ էր անշուշտ եւ Քեզ Անմեռ,
Որ մեզ համար, թշուառներուս,
Եկար այց տալ, Փրկիչդ Յիսուս։
Նման մոգուց տեսած լոյսին՝
Քեզմով տեսանք լոյսը վերին.
Հիմայ Փրկիչ՝ Քեզի կու գանք
Մատուցանել սէր եւ պաշտօնք։
Օրհնեալ ըլլայ ծագումդ յաւէտ,
Օրհնեալ՝ Ծնունդդ փրկաւէտ.
Բիւր փառք Քեզ, փառք եւ Ծնողիդ Հօր,
Որ մեզ տուիք խինդ եւ շնորհ։

Աստուածայայտնութեան աւետիսը թող բոլորիս համար ըլլայ երկնային Ճշմարիտ Լոյսին կենսանորոգ զօրութեան մէջ վերանորոգուելու առիթ։ Աստուած աւելցնէ մեր եռանդը առաւել եւս նուիրուելու Աստուածպաշտութեան, որպէսզի մեր անհատական եւ ընտանեկան կեանքերը ապրին լիիրաւ վերազարթնում։ Աստուած օրհնէ մեզ ու առիթ ընծայէ որ հաստատուինք եկեղեցւոյ սրբութիւններու հիման վրայ, Աստուծոյ փառքին, Եկեղեցւոյ շինութեան եւ բոլորիս մխիթարութեան համար։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, եղիցի ընդ մեզ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 5, 2019