ՉՎԱԽՆԱԼ ԵՒ ԶՕՐԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔՈՎ

​Մի երկնչիք,
զի ահաւասիկ աւետարանեմ ձեզ զուրախութիւն մեծ,
որ եղիցի ամենայն ժողովրդեանն
(Ղուկաս, 2.10)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարը անգամ մը եւս կու գայ մեր սրտերը ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ համակել, յիշեցնելով Աստուծոյ յանձն առած գերագոյն զոհողութիւնը, որով կը յայտնուէր Իր անսահման սէրը, գթութիւնը եւ ողորմութիւնը։

Մեր նախածնողքը՝ Ադամ եւ Եւա ի սկզբանէ կը վայելէին երջանիկ կեանք մը, «անոնք մերկ էին եւ չէին ամչնար», մինչեւ այն պահը երբ չարութեան արմատը՝ սատանան եկաւ տակնուվրայ ընելու իրենց կեանքը։ Արգիլեալ պտուղի ճաշակմամբ երբ իրենց աչքերը բացուեցան, տեսան իրենց մերկութիւնը եւ պահուեցան։ Աստուած երբ Ադամը կանչեց, իր պատասխանը եղաւ. «պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի եւ պահուեցայ» (Ծննդոց, 2.25, 3.10-11)։

«Վախցայ», գրաբարով՝ «երկեայ». բառ մը որ անխուսափելի հետեւանքն էր նախածնողաց յանձագործութեան։ Ադամ վախցաւ, որովհետեւ անսպասելիօրէն լսած էր Աստուծոյ ձայնը. «Ադամ, ո՞ւր ես»։ Այս վախը եւ անոր հետեւանք պահուիլը, ինքնին խոստովանութիւնն էր գործուած մեծ սխալին, մեղքին, որ էր անհնազանդութիւն Աստուծոյ կամքին։ Իրենց վախը եւ պահուիլը օգուտ մը չունեցաւ եւ ի վերջոյ անոնք արժանացան Աստուծոյ արդար դատավճիռին։ Իրենց վրայ հասած մահուան անէծքին իբր հետեւանք «հողէն ստեղծուած ըլլալով հող պիտի դառնային»։

Բոլորիս ծանօթ է, թէ երբ անսպասելի անակնկալներու հետ դէմ յանդիման կու գանք, մարդկայնօրէն կը վախնանք։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին, յաճախ հաւատացելոց բացակայութեան, յատենի եկեղեցւոյ կ՚ընթերցուին Սուրբ Աւետարանի բաժիններ, որոնք կը նկարագրեն հրաշալի դէպքեր։ Այս դէպքերու հերոսներն են սրբակենցաղ եւ կամ բարեկենցաղ անձեր, ո-

րոնցմէ իւրաքանչիւրին անհատական կեանքը առընչուած է թէ՝ Քրիստոսի ծննդեան եւ թէ՝ յետ ծննդեան պարագաներուն հետ։ Եւ այս բոլորին մէջ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ կէտ մը. Աստուած հրեշտակի միջոցաւ յատուկ պատգամներ կ՚ուղարկէ անձերու եւ իւրաքանչիւր այցելութեան պահուն նախքան պատգամի փոխանցումը կը լսուի «Մի՛ երկնչիր», «մի՛ վախնար» բառերը։ Կը յիշենք հրեշտակին տարբեր առիթներով Զաքարիա Քահանային, Սուրբ Կոյս Մարիամին, Սուրբ Յովսէփին եւ հովիւներուն տուած այցելութիւնները։ Որքան տարբեր երեւոյթի մը հետ դէմ յանդիման կը մնանք, երբ կը բաղդատենք Ադամի մատնուած երկիւղալի վիճակը, հրեշտակային այցելութեամբ պարզուած վիճակներուն հետ։

Զաքարիա Քահանան եւ իր կինը Եղիսաբէթ, արդար հոգիներ, տարիներով Աստուծմէ կը հայցէին, որ իրենց ընտանիքը բախտաւորուէր զաւակի մը ծննդեամբ։ Եւ այդ աղօթանուէր ու բարեպաշտ կեցուածքին պատասխանը ստացաւ Զաքարիա Քահանան, այն պահուն երբ տաճարին մէջ իր պաշտօնը կը կատարէր։ Այս անսովոր յայտնութեան ի տես վախցաւ եւ հրեշտակը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Զաքարիա, որովհետեւ քու աղօթքդ լսելի եղաւ։ Քու կինդ՝ Եղիսաբէթ, որդի մը պիտի ծնի քեզի, եւ անոր անունը Յովհաննէս պիտի դնես» (Ղուկաս, 1.5-13)։

Սուրբ Կոյս Մարիամի վարքը ծանօթ էր Աստուծոյ, որով արժանացաւ Աստուածամայր կոչուելու պատիւին։ Մանուկ հասակէն Աստուծոյ ընծայուած Մարիամի կեանքը պսակուեցաւ Աստուծոյ շնորհքով, երբ կ՚ապրէր Նազարէթ ու խօսեցեալ՝ Յովսէփի հետ։ Հրեշտակը առաջին առթիւ աւետեց թէ «Տէրը իր հետ էր եւ Ան օրհնեալ էր կիներուն մէջ»։ Այս անսպասելի ողջոյնը երբ շուարումի մատնեց Մարիամը, հրեշտակը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, որովհետեւ Աստուծմէ շնորհ գտար։ Եւ ահա դուն պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Ան մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալի Որդի պիտի կոչուի»։ (Ղուկաս, 1.26-32)։

Յովսէփ, Դաւիթի տունէն, խօսեցեալը՝ Մարիամի, արդար մարդ էր եւ որովհետեւ իր խօսեցեալը նախքան իրենց ամուսնութիւնը յղացած էր, կը մտածէր զայն անձայն անշշուկ արձակել։ Տիրոջ հրեշտակը յայտնուեցաւ նաեւ Յովսէփին եւ իր առաջին խօսքը եղաւ. «մի՛ վախնար»։ Եւ ապա յայտնեց այն Աստուածային ճշմարտութիւնը, որ Մարիամ Սուրբ Հոգիէն յղացած էր, ու թելադրեց առանց այլեւայլի ամուսնանալ անոր հետ։ Իր խօսքերուն շարունակութիւնը կը կրէր նաեւ հրահանգի բնոյթ. «Մարիամ պիտի ծնի որդի մը, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը՝ իրենց մեղքերէն» (Մատթէոս, 1.18-21)։ Յովսէփի յայտնուած պատգամին մէջ կ՚ընդգծուէր Քրիստոսի Փրկիչ ըլլալու հանգամանքը, բան մը որ Մարիամի չէր յայտնուած։

Հրաշալի եւ սքանչելի պայմաններու ներքեւ իրականացած Քրիստոսի ծնունդը, ուրախառիթ պարագայ էր։ Տիեզերքի պատմութեան մէջ աննախընթաց դէպք մը, որուն սպասումը ունէր մարդկութիւնը դարեր շարունակ։ Մարգարէներ, Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ յառաջագոյն գուշակեցին այս յայտնութիւնը եւ այդ մասին խօսեցան հանուր մարդկութեան։ Աստուծոյ կամքն էր, որ Քրիստոս՝ Իր Միածին Որդին աշխարհ գար, որպէս Փրկիչ։

Երբ Աստուծոյ անհասանելի կամքը կ՚իրականանար, Տիրոջ հրեշտակը այս անգամ կը յայտնուէր Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ, դիմելով պարզ հովիւներու, որոնք իրենց հօտը կը պաշտպանէին։ Հովիւները, որոնք հանապազօրեայ ապրուստի համար պաշտօն կը վարէին, հաւանական երկու վտանգի հետ դէմ յանդիման գալէ կը վախնային. վայրի անասուններու յարձակում եւ աւազակներու աւարառութիւն։ Այս հոգեբանութեան ներքեւ գտնուող հովիւները յանկարծ դէմ յանդիման եկան այնպիսի պատահարի մը հետ, որուն ականատես ըլլալն իսկ իրենց մտքէն չէր անցներ. «Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց, Տիրոջ փառքը ծագեցաւ անոնց վրայ, եւ ու անոնք սաստիկ վախցան»։ Այս անգամ հրեշտակը անուս եւ աղքատ անձերուն դիմելով ըսաւ. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ, վասնզի այսօր Դաւիթին քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս, 2.8-12)։ Հովիւներու խումբին յայտնուած այս աւետիսը իսկութեան մէջ յայտնուած էր համայն մարդկութեան եւ այս աւետիսը իր հետ բերած էր նաեւ հրեշտակներու երգակցութիւնը, որով Աստուծոյ փառքը կ՚երգուէր. «Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն». «Փա՜ռք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ ու հաշտութի՜ւն մարդոց մէջ» (Ղուկաս, 2. 14)։

Սուրբ Աւետարանի ճշմարտութիւնները ունին գօտեպնդիչ զօրութիւն, որոնք դարերու միջով անցնելով նոյն առաքելութեամբ հասած են մեր օրերուն, դիմելու ապագային եւս մինչեւ յաւիտեան, որպէս կենսապարգեւ Աստուծոյ Խօսք։ Մարդկային առօրեայ կեանքի թոհուբոհին մէջ մերթ ընդ մերթ կու գան պահեր, երբ յուսահատութիւնը կը մթագնէ կենաց երկնակամարը։ Այդ առաւել եւս զգալի կը դառնայ մանաւանդ երբ հաւատքը կը բացակայի եւ թերահաւատութիւնը կամ անհաւատութիւնը կը փորձեն տիրապետել մարդոց կեանքէն ներս։ Վա՜յ մեզի, երբ անոնք ըլլան մեր կեանքին տիրապետողները։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մարդկութիւնը առանց նկատի ունենալու ցեղի, կրօնքի եւ այլ պատկանելիութեանց տարբերութիւնները, դարեր շարունակ տառապած է աղքատութենէ, չքաւորութենէ, անօթութենէ, հիւանդութիւններէ, համավարակներէ, տնտեսական ու ընկերային ժխտական ազդակներէ, պատերազմներէ, անարդարութիւններէ։ Ցաւ ի սիրտ նոյն տառապանքները այսօր եւս կը շարունակուին մեր օրերուն։ Միշտ կը մաղթենք, որ անոնք վերջ գտնեն ու մարդկութիւնը վայելէ խաղաղութեան, անդորութեան պտուղները, երջանիկ ու բարօր կեանքի մը տեսլականով։ Որպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալներ, սկսեալ մեր անհատական կեանքէն, մեր անմիջական շրջանակի մէջ հրեշտակաւանդ աւետիսը կեանքի կոչելու մեր կամքը պէտք է դրսեւորենք առանց վախի, երկիւղի։ Մեր լսելիքը պէտք է սրենք «Մի՛ երկնչիք» ազդարարութեան։ Հրեշտակներու «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն» երգը կեանքի նշանաբան ընկալելու կամքը կը սկսի մեր կեանքերէն վանելու վախը, երկիւղը։ Լսենք Յովհաննէս Առաքեալին. «Սիրոյ մէջ երկիւղ չկայ, եւ կատարեալ սէրը հեռու կը վանէ երկիւղը, որովհետեւ երկիւղը տանջանք կ՚ենթադրէ. եւ ով որ երկիւղի մէջ է կատարեալ չէ սիրոյ մէջ» (Ա. Յովհաննէս 4.18)։ Քրիստոս, նաւավարելու դժուարութիւն ունեցող առաքեալները, որոնք ծովուն վրայ քալող իրենց Վարդապետը տեսած ըլլալով վախցած էին, զանոնք զօրացուց «Մի՛ երկնչիք, ես եմ» բառերով։ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ, որ նոյն բառերուն ականջ տանք։ Դարեր շարունակ հերովդէսներ եկան ու անցան պատմութեան թատերաբեմէն։ Փորձեցին Քրիստոսը ու Իր ուսուցումները մէջտեղէն վերցնել, սակայն ամէն պարագայի գտնուեցան Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով օծուն անձեր, որոնք ոչ միայն վառ պահեցին «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել» Քրիստոսաւանդ պատգամը (Մատթէոս, 10.28), այլ նաեւ իրենց կեցուածքով քաջութիւն ներշնչեցին։ Աստուածավախ քրիստոնեաներու զգացած վախը, կը նմանի ծնողաց եւ զաւակաց փոխյարաբերութիւնը կանոնաւորող սիրոյ ու յարգանքի վրայ հաստատուած քաղցր երկիւղին։ Նոր Ուխտի հաւատացեալը թէեւ կը հաւատայ Հին Ուխտի մէջ Աստուծոյ զանազան առիթներով արտասանած «Ես եմ, մի՛ երկնչիք» բառերու զօրութեան, սակայն եւ այնպէս ունի թանկագին շնորհք մը, զոր կը ներկայացնէ Պօղոս Առաքեալ. «անոնք որ կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ Հոգիով՝ անոնք են Աստուծոյ որդիներ, քանի որ դուք չառիք ծառայութեան հոգին վերստին երկիւղի մէջ իյնալու համար, այլ առիք որդեգրութեան հոգին՝ որով կ՚աղաղակենք. Աբբա Հայր» (Հռովմայեցիս, 8.14-15)։

Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին անգամ մը եւս կ՚ընդգծենք «Մի՛ երկնչիր» ազդարարութեան կարեւորութիւնը։ Ուխտենք չվախնալ եւ զօրանալ Աստուծոյ Խօսքով։ Լսենք «Մի՛ երկնչիք» ազդարարութեան. որովհետեւ ունինք Փրկիչ մը «որ աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելու եւ իր անձը որպէս փրկանք տալու շատերու փոխարէն» (Մատթէոս, 20.28)։ Ունինք Փրկիչ մը՝ Աստուծոյ Միածին Որդին, որ «եկաւ փնտռելու եւ փրկելու կորսուածը» (Ղուկաս, 19.10)։ Քրիստոսի անունը կրողներս վախը շպրտենք նշանաբան ունենալով Խաղաղական Ժամերգութեան «Եւ քանզի յերկիւղէ ձերմէ մեք ոչ երկիցուք եւ ոչ խռովիցուք, զի Աստուած ընդ մեզ է» եւ Պօղոս Առաքեալի «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ» (Հռովմայեցիս, 8.31) բառերը։ Եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ, որ վախը որպէս միջոց չընկալուի Աստուծոյ Խօսքէն ու ներկայութենէն փախուստ տալու եւ պահուելու նպատակաւ։ Ընդհակառակը կը հրաւիրէ անառակ որդիի օրինակով մեղաւոր եւ անարժան ըլլալու գիտակցութեան առթած «ահիւ եւ դողութեամբ» մօտենալ Անոր, շնորհքի ակնկալութեամբ։ Զօրաւոր հաւատքը լեռներ կը շարժէ։ Սուրբ Աւետարանէն սորված ենք, թէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատքը ինչ հրաշքներ կրնայ գործել։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարին խնդրենք Սուրբ Կոյս Աստուածածնէն, որ բարեխօս ըլլայ առ Քրիստոս «զի լռեսցին պատերազմունք. դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց. տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի»։ Աղօթենք որ, փորձանաւետ թագաժահրի համավարակը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ չքանայ աշխարհի թատերաբեմէն։ Անոր չարաղէտ ազդեցութեամբ համաշխարհային չափանիշով տակնուվրայ եղած կեանքի պայմանները վերադառնան իրենց բարւոք ընթացքին, ի սէր համայն մարդկութեան բարօրութեան։ Խաղաղութեան մէջ ննջեն իրենց երկրաւոր կեանքը դժուարին պայմաններու ներքեւ կնքածներու հոգիները եւ իրենց հարազատներն ու բարեկամները իրենց մխիթարութիւնը գտնեն, ապաւինելով Աստուծոյ Սուրբ Հոգիիին ներգործութեան։ Աստուած զօրացնէ մեր բոլորին հաւատքը, որպէսզի ապաւինելով Քրիստոսի «եթէ ձեզմէ երկուքը միաբանին երկրի վրայ ոեւէ խնդրանքի համար, ինչ որ ալ խնդրեն, պիտի կատարուի իրենց համար իմ Հօրս կողմէ, որ երկինքն է. որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս՝ ես այնտեղ եմ, անոնց մէջ» (Մատթէոս, 18.19-20) խոստումին, չարտօնենք որ արտաքոյ հաւատքի այլ զօրութիւններ գան եւ ազդեն մեր վրայ։ Եւ հաւատքով զօրացած եւ սիրով Այս հաւատքի զօրութեամբ եւ սիրով իրարու փոխանցենք Սուրբ Ծննդեան աւետիսը, աւանդական շնորհաւորական բառերով. Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս,

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2021