ՅԻՍՈՒՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԿՈ՛Չ ՄԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»։

Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական աւանդութեան մանրամասն ուսումնասիրութիւնը ակնյայտ դարձուց Յիսուս Քրիստոսով սկսող նոր պատկերացումը «մարդ»ու մասին։

Մարդը այնպիսի արժէք է, որուն փրկութեանը համար Աստուած կարող է «մարդանալ», տառապիլ՝ չարչարուիլ, զոհուիլ, խաչուիլ եւ ապա յարութիւն առնել։ Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը, մարդուն արժէքը բարձր գնահատած վարդապետութիւն մըն է։ Եւ մարդուն արժէքը կը կայանայ խաղաղութեան մէջ, եւ խաղաղութիւնը կու գայ Յիսուս Քրիստոսով՝ Անոր մարդացումով՝ Աստուծոյ մարմնացումով։

Խաղաղութիւնը մարդկային կեանքին հիմնական պահանջներէն է, քանի որ մարդոց եղբայրութիւնը եւ սէրը կը յայտնուին խաղաղութեան մէջ։ Ուստի ճիշդ չըլլար այդպիսի արժէք ունեցող մարդու ծնունդը անտեսել։ Աւելի անհասկնալի կ՚ըլլայ այդ նոր «մարդասիրական սկզբունք»ը հաստատող եւ խաղաղութեան մարմնացում Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը աննկատ թողուլ։

Քրիստոնէութիւնը մօտաւորապէս մէկ դարու ընթացքին տարածուեցաւ ամբողջ Հռոմէական կայսրութեան տարածքին՝ Անգլիայէն եւ Սպանիայէն մինչեւ Եփրատ գետը ընդգրկելով ոչ միայն եւրոպական, այլ Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ասիայի երկիրները։ Ան գործող հաւատք էր Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Կովկասի մէջ։ Ան դարձաւ համաշխարհային կրօն եւ վարդապետութիւն՝ միշտ տարածելով սէր եւ խաղաղութի՛ւն։ Այս ընթացքին պարզուեցաւ, բացայայտուեցաւ, որ Քրիստոնէութիւնը ոչ միայն կը պատասխանէ տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու առջեւ ծառացած հարցերուն, այլ նաեւ այն կը միանայ եւ մաս կը կազմէ տարբեր ժողովուրդներու աւանդութիւններուն եւ երազանքներուն։

Այս կերպով պարզ դարձաւ այն իրողութիւնը՝ որ եթէ քրիստոնէութիւնը կը հերքէ եւ կը ժխտէ անցեալի եւ հեթանոսական քաղաքակրթութեան յայտնի սկզբունքներուն եւ կողմերուն, յետոյ շատ երեսակներով այն ներքին կապ ունի ամբողջ մարդկութեան քաղաքակրթութեան զարգացման տրամաբանութեան հետ։ Ան ճշմարտութեան որոնման բարձրագոյն նուաճումն է։

Պօղոս առաքեալի այն դրութիւնը՝ որ քրիստոնէութիւնը յոյներու անյայտ աստուծոյ, փնտռուած Աստուծոյ բացայայտումն է, կիրառելի դարձաւ բազմաթիւ տարբեր ժողովուրդ կամ ազգերու կրօններու, իմաստասիրական դպրոցներու եւ «հոգեւոր մշակոյթ»ի համար։

Խաղաղարար եւ հաշտարար ջատագովական մօտեցումը իր հիմնադրումը եւ տարածումը ստացաւ։

Այս խաղաղարար հիմնական, կենսական, էական եւ ելակէտային նոր ճշմարտութիւնները տարածուեցան բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ ազգերու մէջ, քրիստոնէութիւնը անոնցմէ որդեգրեց որոշ արժէքներ եւ դրութիւններ՝ անոնց ամէն մէկուն տալով նոր իմաստ եւ նոր խորութիւն։ Ան ունենալով «աստուածային խորք», հոգեւոր խորութիւն դարձաւ «միջազգային», որուն ներուժն է խաղաղութի՛ւնը։

Արդարեւ, Քրիստոսի ծնունդը մարդկային պատմութեան ամենէն նշանաւոր եւ ամենէն կարեւոր դէպքն է, որովհետեւ այդ առիթով էր, որ Յիսուս մանուկը ծնաւ։ Եւ մարդկութիւնը ծանօթացաւ խաղաղութեան, որ կը պակսէր իրմէ՝ գոնէ չունէր խաղաղութեան գիտակցութիւն։

Յիսուս, արդարեւ, յիշեցնելով «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրը, կը պատուիրէ խաղաղութիւնը սրտի եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։

Երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերը եւ արգասիքն է Քրիստոսի խաղաղութեան։ Ան սպաննեց ատելութիւնը Իր մարմնին մէջ, հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ եւ Իր Եկեղեցին մարդկային ցեղին միասնականութեան եւ Աստուծոյ հետ անոր միութեան սուրբ խորհուրդը եւ ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն». (ՄԱՏԹ. Ե 9), քանի որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ան մեր խաղաղութիւնն է». (ԵՓՍ. Բ 14)։

Հասարակաց բարիքը կ՚ընդգրկէ «խաղաղութիւն»ը՝ այսինքն ապահովութիւնը եւ տեւողութիւնը արդար կարգի մը։

Արդարեւ, մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը, այս իմաստով, չէ՛ միայն չգոյութիւնը պատերազմի, ան չի սահմանուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Երկրի վրայ խաղաղութիւնը չի կրնար ձեռք ձգուիլ առանց անձերու ինչքերու պահպանումին, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքին, առանց եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։ Ուստի «խաղաղութիւն»ը՝ կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Խաղաղութիւնը. «Գործն է արդարութեան» (ԵՍ. ԼԲ 17), եւ վերջապէս՝ արդիւնքն է սիրոյ։

Եւ Յիսուսի ծնունդով բարեշրջուեցաւ «խաղաղութեան» ընդհանուր իմաստը եւ ըմբռնումը։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ Յիսուսի ծնունդը կո՛չ մըն է խաղաղութեան։

Դարերու ընթացքին՝ Բեթղեհէմի մէջ ծնող եւ մսուրը դրուող Մանուկը՝ Յիսուս մանուկը փոխեց մարդկութեան մտածելակերպը, արժէքներու գիտակցութիւնը հաստատեց եւ նոր խաղաղութեան ըմբռնումով քաղաքակրթութիւն մը մշակեց. անբարոյ նկարագիրներ բարեկարգուեցան եւ անճանաչելի դարձան հինին նկատմամբ։ Խորհելակերպերու հետ, անոնց համընթաց մշակոյթներ այլափոխուեցան եւ աշխարհի դիմագիծը բոլորովին փոխուեցաւ։

Գիտակից եւ ողջամիտ մարդիկ, գիտնականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, զօրավարներ, դիւանագէտներ, մեծահարուստներ, ազնուականներ Յիսուսը դաւանեցան իբրեւ Փրկիչ եւ Տէր եւ զԻնք պաշտեցին իբրեւ Աստուած։ Իր փառքը երգուեցաւ ամէն տեղ, ամէն ժամանակ, եւ այս իմաստով, Յիսուս Քրիստոս եղաւ մարդկային ընկերութեան ամենէն գործունեայ, ուժական, հեղինակաւոր եւ տիրապետող ազդակը։

Բեթղեհէմի Մանուկը աննախընթաց եւ բացառիկ է պատմութեան մէջ, միակ «մարդ»ն է, որ կոյսէն է ծնած. Սուրբ Երրորդութեան միակ Անձը՝ որ մարմնացած եւ մարդեղացած է, եւ միակ Անձը՝ որ Աստուծոյ կողմէ իբրեւ մեղաւորներու Փրկիչ նշանակուած է։ Ան «մարմնացեալ» եւ «մարդացեալ» Աստուածն է։

Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ մեղաւոր մարդկութիւնը փրկելու եւ խաղաղութիւնը հաստատելու համար, հաշտեցնելու համար մարդը իր երկնային Հօր՝ Աստուծոյ հետ, որ արդէն վշտացուցած էր, հեռացած էր իր Հօրմէն եւ կը տառապէր՝ գերի էր դարձած «չար»ին։ Եւ մարդկութեան ճամբան՝ սիրոյ, հաշտութեան եւ խաղաղութեան մէջ էր։ Մանաւանդ սէրը պէտք էր որ հաստատուէր, որպէսզի հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն տիրական ըլլային մարդուս կեանքին մէջ։

Իջեւանին մէջ տեղ չկար եւ Ան ծնաւ համեստ վայրի մը մէջ։ Իջեւանին մէջ տեղ չըլլալը «յուսախաբութիւն» մըն էր Յիսուսի ծնունդին համար։ Սակայն տօնական այս օրերուն, շատ աւելի մեծ տրտմութիւն է, Յիսուսի՝ երբ մարդոց սրտերուն մէջ տեղ չկայ Անոր, որ մարդկութեան ցաւերը բժշկելու, մեղքերը սրբելու համար մարմնացաւ, ծնաւ եւ մարդացաւ։

Աւա՜ղ, ամէն տեսակ խրախճանքի, կերուխումի եւ նիւթական մսխումի տեղ եւ ժամանակ կայ, բայց Անոր տեղ չկայ սրտերուն մէջ…

Գիտակից եւ իմաստուն մարդոց թիւը երանի թէ բազմանար եւ մարդիկ ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ բանային իրենց սրտերը։ Յիսուս բնաւ պէտք չունի «Ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս»ի, բայց Ան կ՚ընդունի կոտրած եւ խոնարհ սրտեր՝ սիրով լեցուած եւ խաղաղ խիղճեր, որպէսզի Ինք մաքրէ եւ ձեւակերպէ Իր իսկ պատկերը այդ խոնարհ սրտին վրայ։

Յիսուս ծնաւ ախոռի խոնարհութեան մէջ, աղքատ, համեստ, խոնարհ ընտանիքի մը ծոցը։ Պարզ հովիւներ են այն իրադարձութեան առաջին վկաները։ Այս աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի։ Եւ Սուրբ Ռոմանոս Երգեցողի ձայնով Եկեղեցին կ՚երգէ, անխոնջօրէն կը փառաբանէ փառքը այս գիշերուան. «Կոյսն այսօր կը ծնի յաւիտենականը եւ երկիրը քարայր մը կ՚ընծայէ Անմատչելիին։ Հրեշտակները եւ հովիւները կը գովաբանեն զԻնք եւ մոգերը կը յառաջանան աստղին հետեւելով, որովհետեւ մեզի համար ծնար, Փոքրիկ Մանուկ, Աստուած յաւիտենական»։

Արդարեւ, «Աստուծոյ նկատմամբ մանկանալ»ը՝ Արքայութիւն մտնելու նախապայմանն է. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-4), առ այս՝ հարկ է խոնարհիլ, մանկանալ, ներքին խաղաղութեամբ, մաքուր սրտով եւ հեզութեամբ, հանդարտ եւ խաղաղ խիղճով, դեռ աւելին՝ հարկ է «ծնիլ ի վերուստ». (ՅՈՎՀ. Գ 7), «ծնիլ Աստուծմէ». (ՅՈՎՀ. Ա 13), ըլլալու համար «որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12)։

Ուստի, Ծննդեան խորհուրդը մեր մէջ կը կատարուի երբ Քրիստոս «կը կերպարանափոխուի» մեր մէջ. (ԳԱՂ. Դ 19)։ Եւ ահաւասիկ, Սուրբ Ծնունդը խորհուրդն է այս «սքանչելի փոխանակումին»։ Ո՜վ սքանչելի փոխանակում։ Մարդկային ցեղին արարիչը, մարմին եւ հոգի առնելով՝ հաճեցաւ ծնանիլ Կոյսէ մը եւ առանց մարդու միջամտութեան «մա՛րդ» դառնալով, Իր Աստուածութիւնը մեզի պարգեւեց։

Յիսուսի յայտնութիւնն է իբրեւ Մեսիա, իբրեւ Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի, համայն մարդկութեան։ Արդարեւ, Յորդանանի մէջ Յիսուսի մկրտութեան եւ Կանայի հարսանիքին հետ, յայտնութիւնը կը տօնախմբէ նաեւ արեւելքէն եկած մոգերուն երկրպագութիւնը Յիսուսի։ Այս «մոգեր»ուն մէջ, որոնք ներկայացուցիչներն են շրջանի հեթանոսական կրօններուն, Աւետարանը կը տեսնէ երախայրիքն այն ժողովուրդներուն եւ ազգերուն՝ որոնք կ՚ընդունին Մարդեղութեամբ կատարուած փրկութեան Աւետիսը…

Շնորհաւոր ըլլայ Սուրբ Ծնունդը ձեր բոլորին սիրելի՜ բարեկամներ. սիրով եւ խաղաղութեամբ։

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

(Իսթանպուլ)

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2023