ԳԱՂԹԻ ՆՈՐ ԱԼԻՔ
Սուրիոյ ճգնաժամը արդէն նոր ու բախտորոշ հարթութեան մը վրայ է՝ Հալէպի շուրջ սաստկացած կռիւներով։ Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերը եւս Սուրիոյ բանակը վերջին օրերուն ահաւոր հարուածներ հասցուցին Հալէպի մերձակայ այն շրջաններուն, որոնք ընդդիմութեան հակակշռին տակ էին։ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը այժմ ռազմավարական նշանակութեամբ շըր-ջաններ վերաձեռքբերած է, նաեւ խզած՝ այն միջանցքը, որ Հալէպը կը միացնէր Թուրքիոյ։ Սա մարդասիրական օժանդակութեան հոսքին տեսակէտէ անփոխարինելի ուղղութիւն մըն էր։ Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը այժմ այդ բոլորին տիրացած են, ինչ որ կրնայ ազդել յառաջիկայ իրադարձութիւններու ճակատագրին վրայ։ Ռուսական ռազմաօդաւաները երկու օր-ւան ընթացքին երկու հազար թռիչքներով հասցուցած են սաստիկ հարուածներ։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Էսատի վարչակարգը այդ շրջանէն ներս երկու օրուան ընթացքին գրեթէ վերաձեռքբերած է այն բոլորը, որ կորսնցուցած էր վերջին երեք տարիներուն ընթացքին։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները յղի են մարդասիրական տեսակէտէ լուրջ աղէտի մը։ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ քննարկելով հաւանական հրադադարի հաստատման եւ մարդասիրական օժանդակութեան առաքման խնդիրները։ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի ռուսական կողմը դադրեցնէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն դէմ ռմբակոծումները։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ երէկ Լոնտոնի մէջ միջազգային հանրութեան նկատառման յանձնեց Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։ Ան նշեց, թէ շուրջ 70 հազար հոգի ճամբայ ելած է դէպի Թուրքիա։ Այսինքն, երկիրը գաղթի նոր ալիք մը դիմագրաւելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի եւ այս մթնոլորտին մէջ Տավուտօղլու երէկ Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սուրիան ու տարածքաշրջանը խրախուսելու նպատակով կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովին։ Հալէպի իրադարձութիւններուն ալ ազդեցութեամբ ձախողած Ժընեւի բանակցութիւններուն յաջորդեց Լոնտոնի խորհրդաժողովը, որու ընթացքին աւելի քան 10 միլիառ տոլար հանգանակուեցաւ՝ նուիրատու երկիրներու ջանքերով։ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն տեղեկացուց, թէ այդ գումարին 6 միլիառ տոլարը այս տարի պիտի յատկացուի մարդասիրական օժանդակութիւններու համար։ Իսկ Տավուտօղլու նշեց, թէ սիրտը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն, ուր կ՚ապրուի գաղթականներու նոր հոսք մը։ Վարչապետին բանաձեւումով, Թուրքիոյ սիրտը մեծ է քան իր պիւտճէն, իսկ ԱՄՆ Ռուսաստանի դէմ պէտք է ըլլայ աւելի վճռակամ՝ յարձակումներու կասեցման համար։ Անգարա ներկայիս ծայր աստիճան մտահոգ է Ռուսաստանի զօրքերու գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտով։
Մինչ Հալէպէն քաղաքային ժողովուրդի մահուան վերաբերեալ լուրեր կը հասնին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ արձագանգեց իրադրութեան։ Լատին Ամերիկա կատարած ուղեւորութեան ընթացքին Էրտողան քննադատեց միջազգային հանրութիւնը, որ չի կրնար կասեցնել ռուսական յարձակումները։ «Անոնք, որոնք չեն կրնար կասեցնել յարձակումները, չեն կրնար արգիլել նաեւ գաղթականաց հոսքը», ըսաւ Էրտողան, որու համոզմամբ՝ առանց Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման անկարելի է տարածքաշրջանէ ներս անդորրութեան հաստատուիլը։
Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութիւնը ներկայիս անմիջականօրէն կ՚ազդէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները պնդեցին, որ Թուրքիա կը պատրաստուի իր բանակով միջամտել Սուրիոյ կացութեան։ Սէուտական Արաբիան ալ ներկայիս ունի նման մտադրութիւններ։ Ռիատի ղեկավարութիւնը երէկ ազդանշաններ տուաւ՝ Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններ իրականացնելու ուղղութեամբ՝ միջազգային համախոհութեան հետ։