ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄՆԱՑԱԾ Է ՇԱԲԱԹԷ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ՔԻՉ ԺԱՄԱՆԱԿ

Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մնացած է շատ քիչ ժամանակ։ Մէկ շաբաթէն աւելի քիչ ատեն մը կայ, որպէսզի ընտրուի երկրի նոր խորհրդարանը։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցեալ ամիս լուծարած էր երկրի խորհրդարանը, որ 125 աթոռներէ կը բաղկանայ։

Կը հաղորդուի, որ 1324 թեկնածու պիտի մասնակցի ընտրութեան։ Թեկնածուներու 299-ը արդէն կանայք են։ Իգական սեռէ թեկնածուներու համեմատութիւնը նախորդ ընտրութեան բաղդատմամբ 3 տոկոսով աւելցած է։ Այժմու խորհրդարանի երեսփոխաններուն 80 տոկոսը վերստին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը։ 1324 թեկնածուներու 83 տոկոսը նախընտրած է ընտրապայքարի ներգրաւուիլ՝ որպէս անկախ։ Յամենայնդէպս, 19 կուսակցութիւններէ ներկայացուցիչներ ալ մասնակցութիւն կը բերեն ընտրապայքարին։ Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երկրէն ներս ճշդած է 136 բաց եւ 136 փակ տարածք՝ թեկնածուներու եւ ընտրողներու ի մի գալուն համար։ Նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները 1 նոյեմբեր 2015 թուականին տեղի ունեցած էին Ատրպէյճանի մէջ, ուր ներկայիս որոշ չափով փոփոխութեան կրնան ենթարկուիլ քաղաքական հաւասարակշռութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկրի արձանագրեալ ընտրողներու թիւն է՝ 5 միլիոն 387 հազար։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020