ԴԻՄԱԴՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մինչ երկրաշարժի հարցը առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ, մեր համայնքէն ներս ալ առկայ են համապատասխան մտահոգութիւններ։ Այս մթնոլորտին մէջ վերջերս կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հրաւէրին ընդառաջ Գումգաբուի մէջ ժողով մը տեղի ունեցաւ՝ մեր վարժարաններու եւ եկեղեցիներու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան կացութեան շուրջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ սոյն խորհրդակցական հանդիպումը տեղի ունեցած է յունուարի 31-ին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին եղած են Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի առընթեր, խորհրդակցութեան մասնակցած են թրքահայ 13 վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները, քաղաքիս զանազան գաւառակներու քաղաքապետարաններէն ներս պաշտօն ստանձնած հայազգի գործիչները, ինչպէս նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչներ։

Հանդիպման սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուի մեր կրօնական, կրթական, մշակութային եւ այլ բարենպատակ հաստատութիւններու կացութիւնով՝ ներառեալ անոնց ֆիզիքական ամրութիւնը։ ՀԱՅՃԱՐ-էն Գէորգ Էօզգարակէօզ տեղեկութիւններ փոխանցեց ցարդ կատարուած մասնագիտական աշխատանքներուն շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ իրենց իրականացուցած քննարկումներու հիման վրայ յայտնի դարձած է, որ մեր վարժարաններու շէնքերը կը գտնուին ապահով վիճակի մէջ։

Խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ որոշուեցաւ համայնքապատկան շէնքերը վերստին մանրակրկիտ մասնագիտական քննութեան ենթարկել առ ի զգուշութիւն։ Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որու կազմին մէջ պաշտօն ստանձնեցին Իրէն Պըչաքճըի կողմէ գլխաւորուած ՀԱՅՃԱՐ-ի անդամները, Վազգէն Պարըն եւ Սելինա Տողան։ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեանն ալ այս յանձնախումբին մէջ կը ներկայացնէ Պատրիարքական Աթոռը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020