ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու եւ զարգացման ծրագրերու։ Նախագահը եւ վարչապետը կարեւորեցին արդէն աւանդական դարձած պարբերական բնոյթով նման հանդիպումները։

Տեսակցութեան սկիզբին Արմէն Սարգսեան ուրախութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ «Սա, կարծես, մեր աւանդութիւնն է՝ պարբերաբար հանդիպիլ, քննարկել թէ՛ երկրէ ներս եւ թէ երկրէ դուրս՝ միջազգային ոլորտի մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, նաեւ բաժնել մեզմէ իւրաքանչիւրի կառոյցի՝ կառավարութեան եւ նախագահականի հաստատութիւններու այցելութիւններու, հանդիպումներու, ձեռքբերումներու, դժուարութիւններու մասին։ Այնպէս, որ կրկին կ՚ողջունեմ ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ ուրախութիւն՝ հանրապետութեան նախագահը տեսնելու բերումով։ Ան ըսաւ. «Սա, ըստ էութեան, 2020 թուականի մեր առաջին աշխատանքային հանդիպումն է եւ ուրախ եմ նաեւ արձանագրել, թէ 2019 թուականը յաջող տարի մը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Հրապարակուած են 2019 թուականի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշները եւ կրնամ արձանագրել, որ 2019-ին ունեցած ենք տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի առաւելագոյն թիւը՝ այդ մեթոտով տնտեսական հաշուարկներու սկիզբէն ի վեր. մեկնարկը եղած էր 2011 թուականին։ 2019-ին մենք արձանագրեցինք յեղափոխութենէն յետոյ անցումային կառավարման շրջանը եւ մեր քննարկումներու առանցքին ալ միշտ տեղ ունեցած է, որ պէտք է աւելի ու աւելի շատ կարեւորենք մեր երկրէն ներս կառուցուածքային բարեփոխումներու նիւթը եւ հիմնադրենք ու ներդնենք ռազմավարական կառավարման տրամաբանութիւնը»։

Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ 2020 թուականին այդպիսի փուլ մը կը սկսի։ Հայաստանի մէջ մշտապէս կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին եղած է ու կը շարունակէ մնալ՝ հաստատութիւններու կայացումը, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու համակարգի ներդրումը։ «Գիտենք, նաեւ արձագանգած էք Սահմանադրական ատեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, եթէ կարելի է ըսել ճգնաժամի, եւ կը յուսամ, թէ այսօր մենք կը քննարկենք նաեւ անոր հետ կապուած խնդիրը, կարծիքներ կը փոխանակենք։ Ի հարկէ, ես միանշանակ կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը, թէ մենք այս հարցին պէտք է մօտենանք երկրի հաստատութիւններու կայացման տրամաբանութեամբ, մեր երկրի ազգային եւ պետական շահերու տրամաբանութեամբ, հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու ճշգրիտ եւ աշխատող համակարգ մը ունենալու տրամաբանութեամբ։ Որովհետեւ միայն այդ պարագային մենք կ՚ունենանք անշրջելի ժողովրդավարութիւն, անշրջելի օրէնքի գերակայութիւն՝ անոնցմէ բխած արդիւնքներով եւ, ի հարկէ, անշրջելի սահմանադրական իրականութիւն, որ մշտապէս եղած է մեր ուշադրութեան կեդրոնին եւ մեր աշխատանքային քննարկումներու առանցքին», շարունակեց վարչապետը։

Արմէն Սարգսեանն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկման համար եւ ըսաւ, որ ուշադրութեամբ կը լսէ վարչապետը։ Ան էական համարեց Հայաստանէ ներս հաստատութիւններու կայացումը, հաւասարակշռութեան կառոյցները, որովհետեւ երկարաժամկէտ, կայուն զարգացման տեսակէտէ անոնք անհրաժեշտ կը համարուին։ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ վերջերս դէպի Պարսից ծոցի երկիրները, Տաւոս եւ Իսրայէլ կատարած այցելութիւններու ժամանակ ապահովուած ձեռքբերումներուն։

Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ վերջերս առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Սահմանադրական ատեանի եւ կառավարութեան միջեւ առկայ տագնապը։ Իշխանութիւնները կը ձգտին ապահովել Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի հրաժարականը։ Վերջերս խուզարկումներ ալ տեղի ունեցան անոր բնակարանին մէջ։ Այժմ կառավարութիւնը աշխատանքներ կը տանի՝ խորհրդարան ներկայացնելու համար նախագիծ մը, որու հիման վրայ կը նախատեսուի Սահմանադրական ատեանի վերաբերեալ օրէնքի փոփոխութեան ենթարկուիլը։ Սա սուր բանավէճի մը նիւթ դարձած է հանրային կարծիքին մօտ եւ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան ծաւալած են երէկուան քննարկումները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020