ՇԱՀԵԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ

Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին (MİAM) նախաձեռնութեամբ, հոգելոյս երգահան ու յօրինող Օննօ Թունչի ոգեկոչման համար կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է եւ կ՚արժանանայ մասնագիտական շրջանակներու ուշադրութեան։ Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած երաժշտական օրերու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան շահեկան աշխատանոցներ։

Երէկ, այս ամբողջին մէջ, ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ Քլինթ Պաճաքեան զրուցեց շուրջ չորս տասնեակ երաժիշտներու հետ։ Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հոգելոյս Օննօ Թունչի դստրերէն Սելին Թունչ, որ նշեց, թէ իր հայրը երիտասարդութեան շրջանին հնարաւորութիւն ունեցած էր ծանօթանալու հեղինակաւոր երաժիշտներու հետ։ Նոյն հնարաւորութիւնը մերօրեայ երիտասարդներուն ընձեռելու առաջադրութեամբ կազմակերպուած են ներկայ աշխատանոցները։ Ուստի, Սելին Թունչ շնորհակալութիւն յայտնեց MİAM-ին։

Սելին Թունչի այս ողջոյնի խօսքէն վերջ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ ընթացան երէկուան քննարկումները։ Քլինթ Պաճաքեան, որ վիտէօ խաղերու համար երաժշտութիւն յօրինող աշխարհահռչակ անուն մըն է, զրուցեց աշխատանոցի մասնակիցներուն հետ։ Անգլերէնով ծաւալուեցան քննարկումները, որոնց ընթացքին շօշափուեցան այս ոլորտի մասնագիտական օրակարգի զանազան երեսակներու վերաբերեալ նիւթեր։

Հոգելոյս երգահան ու յօրինող Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքը վաղը պիտի եզրափակուի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020