ՊՐԱԶԻԼԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ
Պրազիլի մէջ քորոնա ժահրի պատճառով բարեկենդանը չեղարկելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ։ Այսպէս, Պրազիլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ չի համարեր քորոնա ժահրի պատճառով չեղարկել նշանաւոր բարեկենդանը, որ պէտք է տեղի ունենայ փետրուարի վերջաւորութեան։ Այս մասին յայտնած է Պրազիլի Առողջապահութեան նախարար Էնրիքէ Մանտեթա։
«Ինչ կը վերաբերի աշխարհահռչակ բարեկենդանը չեղարկելու, ապա ան մշակութային իրադարձութիւն է, որ մեր ինքնութեան մաս կը կազմէ: Նման բարեկենդանի չեղարկման վարկածը առաջադրելու որեւէ հիմք չկայ, յոյսով ենք, որ այդ ժամանակ մարդիկ կը զուարճանան ու կը վայելեն տօնը», Պրազիլի Առողջապահութեան նախարարութիւնը նախարարի խօսքը մէջբերած է Twitter-ի մէջ:
Ներկայիս նախարարութիւնը 14 կասկածելի դէպք արձանագրած է երկրի ամբողջ տարածքին, քորոնա ժահրով հիւանդանալը բացառուած է 13 անձի մօտ, հաստատուած ոչ մէկ դէպք կայ։