ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՍԱՐՔԵՐ

Վենետիկի մէջ զբօսաշրջային հոսքի վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկեն։ Այսպէս, Վենետիկը հիւրերու գերաւելցուկ (overtourism) ունեցող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն առաջինն է, որ ճանապարհորդներու հոսքերու վերահսկման ինքնուրոյն գործող սարքերով համակարգ կը գործարկէ։

Քաղաքի իշխանութիւնները շէնքերուն ու լապտերներուն տեղակայած են խցիկներով տարածադիտական տուիչներ, որոնք կրնան «հաշուել» մարդիկը՝ ճանչնալով ոչ թէ դէմքերը, այլ ուրուապատկերները: Քաղաքապետարանի մտայղացմամբ՝ այդ տեղեկութիւնները կ՚օգնեն ստոյգ տեղեկատուութիւն ստանալ հիւրերու թիւի վերաբերեալ: Յենլով անոնց վրայ՝ պաշտօնեաները կը կարգաւորեն զբօսաշրջական հոսքերը. ժամանակին կը փակեն փողոցները, ճանապարհորդները կը վերաուղղորդեն այլ երթուղիներ՝ խուսափելու համար կեդրոնին կուտակուող բազմութիւններէ:

Ինչպէս պատմած է Զբօսաշրջութեան հարցերով խորհրդական Փաոլա Մար, սարքերը տեղակայուած են ամբողջ քաղաքին մէջ: Տեղեկատուութիւնը կը հաւաքուի քաղաքի ոստիկանութեան վարչութեան «խելացի» սենեակին մէջ, ուր արհեստական ընկալումը իւրաքանչիւր հինգ վայրկեանը մէկ կը վերլուծէ հանգստացողներու թիւը եւ անոնց տեղաշարժման արագութիւնը: Այցելուներու հաշուարկի համակարգը, որ քաղաքի պիւտճէին համար արժած է 314 հազար եւրօ, կը սկսի գործել արդէն փետրուարին: Գիտափորձը կը տեւէ երեք ամիս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2020