ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԸ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ…
Իտալացի նկարիչը քորոնա ժահր պատկերած է դաշտին մէջ։ Այսպէս, Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ քորոնա ժահրի ողբերգական պատկեր յայտնուած է դաշտին վրայ։ Նկարիչ Տարիօ Կամպարին երկու ոճաւորուած մոլեքիւլ պատկերած է՝ չինարէն «պատուաստանիւթ» եւ լատինատառ «քորոնա ժահր» մակագրութեամբ։
Ինչպէս պարզաբանած է հեղինակը, այս կերպով ան փափաքած է ուշադրութիւն հրաւիրել հիւանդութեան տարածման խնդրին վրայ: «Այս գործը նուիրուած է հետազօտութիւններուն եւ բոլոր հետազօտողներուն, որոնք կը զբաղին պատուաստանիւթի որոնմամբ», ըսած է Կամպարին: Նկարիչը ճշդած է, որ լենտ-արթ ոճի ստեղծագործութիւնը զետեղած է 90 մեթրx230 մեթր տարածութեան վրայ իր ընտանիքին պատկանող դաշտին մէջ, ուր սոյա կ՚աճի: Իր գործերը ստեղծելու ժամանակ Կամպարին օգտագործած է քաշիչ մեքենայ (թրաքթէօր): Աւելի առաջ ալ նկարիչը Կրեթա Թունպերկի դիմանկարը պատկերած է դաշտին մէջ։