ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Վերջին անգամ ԵՄ-ի կողմէ դէպի Մոսկուա այս մակարդակով այցելութիւն մը տրուած էր չորս տարի առաջ՝ 2017 թուականին, երբ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր Ֆետերիքա Մոկերինի։ Պորել Ռուսաստան այցելելու մտադրութեան մասին տակաւին անցեալ տարեսկիզբին յայտարարած էր, սակայն քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով կարելի չէր եղած այդ մտադրութիւնը կեանքի կոչել։ Ներկայ աշխատանքային այցելութեան ընդառաջ եւրոպացի յանձնակատարը «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հարցազրոյց մը տուաւ եւ ըսաւ. «Ռուսաստան այցելութիւնը անհրաժեշտ է աւելի քան երբեւէ»։

Ըստ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան, Ժոզէֆ Պորել համոզուած է, թէ ԵՄ երկխօսութիւն պէտք է վարէ Ռուսաստանի հետ, եթէ կը փափաքի դառնալ համաշխարհային դերակատար մը։ «Ռուսաստան կը շարունակէ մնալ առաջնային նշանակութեամբ հարեւան եւ գործընկեր, որու հետ մենք պէտք է երկխօսութիւն վարենք՝ ամուր բարձրաձայնելով մեր պահանջները, եթէ իսկապէս կը փափաքինք դառնալ համաշխարհային խաղացող մը եւ կարողանալ ազդել մեր անվտանգութեան տեսակէտէ կարեւոր հարցերու վրայ. օրինակ՝ Սուրիան, Լիբանանը, Լեռնային Ղարաբաղը, Սպիտակ Ռուսիան կամ Ուքրայնան։ Սա է իմ այցելութեան նպատակը», յայտնեց եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքովն ալ Պորելի այցին ընդառաջ ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք հնարաւոր ամէն ինչ ընել՝ Պրիւքսելի հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու համար, սակայն, մտադիր չենք լսել անոնց խորհուրդները»։

Օրերէ ի վեր կը հաղորդուի, որ Լաւրովի եւ Պորելի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՔՐՈՆ

Պորելի Մոսկուա մեկնելէն առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ յայտնեց, որ առանց Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան հնարաւոր չէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովել Եւրոպայի մէջ։ «Ատլանտեան խորհուրդ» հետազօտական կեդրոնի մասնագէտներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին Մաքրոն յայտնեց, որ Փարիզ անհրաժեշտ կը համարէ Մոսկուայի հետ համապարփակ երկխօսութեան սկսիլը՝ միջազգային կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան Եւրոպայի մաս կը կազմէ, ներառեալ պատմական եւ աշխարհագրական տեսակէտէ։ «Մենք ընդհանուր պատմութիւն, գրականութիւն եւ մշակոյթ ունինք։ Պէտք է հաշուի առնենք այս բանը։ Երկրորդ հանգամանքը աշխարհագրութիւնն է։ Հնարաւոր չէ Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւն պահպանել, եթէ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւններ չըլլան», ըսաւ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ժոզէֆ Պորելի Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ տեղի ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ առաջին հեռախօսազրոյցը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021