ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Այս վերջինը միջոցէ մը ի վեր երկրի յառաջատար քաղաքական դերակատարներուն հետ իրերայաջորդ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ Հայաստանի առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Այս ամբողջին մէջ, դեսպանը երէկ տեսակցեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքներուն վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Սերժ Սարգսեան առանձնայատուկ շեշտեց Ռուսաստանի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, գործունէութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի՝ հիմնարար սկզբունքներու համապատասխան վերջնական խաղաղ կարգաւորման նպատակով, ներառեալ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը։ Ընթացիկ իրավիճակի տեսակէտէ ընդգծուեցաւ ռազմագերիներու եւ Ատրպէյճանէ ներս ի պահ դրուած այլ անձերու Հայաստան վերադարձի, զոհուած զինուորներու մարմիններու որոնման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ջանքերու գործադրման կարեւորութիւնը։

Սերժ Սարգսեան եւ Սերկէյ Քոփիրքին կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին շուրջ։ Դեսպանի խնդրանքով՝ նախկին նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ տարածքաշրջանի նոր աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն վերաբերեալ հարցերու։ Իր կարգին, Քոփիրքինն ալ արծարծուած նիւթերու ծիրէն ներս ներկայացուց Մոսկուայի դիրքորոշումներն ու անոր կողմէ գործադրուած ջանքերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021