ՆՈՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կոչ ուղղեց իր երկրի քաղաքացիներուն՝ տակաւին զերծ մնալ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելէ, որովհետեւ այնտեղ չէ աւարտած ականազերծման գործընթացը։ «Դժբախտաբար պատերազմէն յետոյ եւ վերջին օրերուն այնտեղ տեղի կ՚ունենան դժբախտ պատահարներ։ Ես կ՚ուզեմ դիմել Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն, կը խնդրեմ, որ անոնք առանց թոյլտուութեան այնտեղ չայցելեն, որովհետեւ սա վտանգաւոր է», ըսաւ Ալիեւ՝ Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան խորհուրդի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին։ Ան անցագրային ստուգման կէտերու աշխատակիցներուն ալ յանձնարարեց հսկողութիւնը ուժեղացնել։

Յետպատերազմեան ներկայ իրավիճակին մէջ, բացի ականազերծման աշխատանքներէն, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը բազմաթիւ պետական կարգադրութիւններով հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային։ Այսպէս, Պաքու սկսած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւ պետական այլ կառոյցներու մասնաճիւղեր հիմնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու պարագային կառավարութեան կողմէ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ։ Վարչապետ Ալի Ասատով ստորագրած է շարք մը որոշումներ, որոնցմով կը նախատեսուի մինչեւ մարտի 1-ը Ատրպէյճանի տնտեսութեան եւ ելմտական նախարարութիւններուն կողմէ առաջարկներ ունենալ այդ տարածքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ պետական մարմիններու ստեղծման անհրաժեշտ միջոցներուն շուրջ։ Վերջերս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարած էր, որ այդ տարածքներու համար վերակառուցման եւ զարգացման եռամեայ ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչէ՝ 2022-2025 թուականներուն։ Ի լրումն այս բոլորին, Ֆիզուլիի մէջ սկսած է նաեւ միջազգային օդակայանի մը շինարարութիւնը։ Ներկայիս շինարարական աշխատանքները կ՚ընթանան ապագայ օդակայանի տարածքէն ներս։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարուայ գարնան աւարտին հասնի անոր կառուցումը։ Օդակայանի շինարարական աշխատանքները բաւական դանդաղ կ՚ընթանան՝ ականազերծման աշխատանքներու բերումով։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ գարնան կառուցումը աւելի արագանայ եւ շարունակուի շուրջօրեայ աշխատանքային դրութեամբ։ Մինչեւ տարեվերջ կը ծրագրուի աւարտին հասցնել թռիչքուղիի շինարարութիւնը՝ 3 հազար մեթր երկարութեամբ։

Ըստ Պաքուէ հասած լուրերուն, Իլհամ Ալիեւ յատուկ ներկայացուցիչ մըն ալ նշանակած է Շուշիի պարագային։ Այս պաշտօնին կոչուած է Այտըն Քերիմով, որ նախապէս աշխատած է Ատրպէյճանի Քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան պետական կոմիտէէն ներս։ Շուշիի եւ շրջակայքի այս նոր ներկայացուցիչը տեղական կառավարման նոր օղակ մը կը նկատուի։ Այսպէսով կը նախատեսուի արագացնել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս վերականգնման աշխատանքներու իրականացումը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել կառավարման գործնականութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Այս բոլորը կը դիտարկուի նաեւ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շրջանակներէն ներս։ Իլհամ Ալիեւ առաջնահերթ նշանակութիւն վերագրած էր Հորատիս-Զանկելան, Զանկելան-Նախիջեւան, Նախիջեւան-Թուրքիա երկաթուղիներու կառուցման նախագիծերը։

Միւս կողմէ, Այտըն Քերիմովի նշանակման ժամանակ Իլհամ Ալիեւ խօսեցաւ նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին Շուշիի համար կատարուած մարտերուն։ Ըստ իրեն, Շուշիի գործողութիւններուն ժամանակ հայկական կողմը հարիւրաւոր կորուստներ տուած է։ «Հայաստանի ղեկավարութիւնը որքան ալ փորձէ թաքցնել իր ժողովուրդէն, չի յաջողիր, մեզի յայտնի է անոնց թիւը», ըսաւ Ալիեւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021