Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԱՒԱՆԴ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հսկաներէն մաէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանը։ Երգահան ու խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան անգնահատելի համարեց անոր ներդրած աւանդը երաժշտական արուեստին մէջ։ Վարչապետը հետաքրքրուեցաւ մաէսթրոյի ընթացիկ գործունէութիւնով եւ յոյս յայտնեց, թէ ան կը շարունակէ նոր հեղինակային գործերով հարստացնել հայկական երաժշտութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները Հայաստանի մէջ ներկայացնելու հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։
Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022