ՀԱՄԱԽՈՀ ԵՒ ԶՕՐԱԿԻՑ

Ռուսաստան եւ Չինաստան երէկ տեղեկացուցին, որ դէմ են ՆԱԹՕ-ի ապագայ ընդլայնման եւ դաշինքին կոչ ուղղեցին, որպէսզի հրաժարի պաղ պատերազմի մօտեցումներէն։ Մոսկուա եւ Փեքին ներկայիս կը նախատեսեն աշխուժացնել իրենց համագործակցութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս։

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելեց Փեքին, ուր հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ։ Անոնք այս առթիւ յայտարարեցին, որ միջազգային ասպարէզի վրայ երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը անսասան է։ Երկու ղեկավարները այս առումով շեշտեցին նաեւ այդ համագործակցութեան՝ միջազգային գետնի վրայ հաւասարութիւն եւ արդարութիւն ապահովելու միտուած ըլլալը։

Փութին եւ Ծինփին Փեքինի մէջ յայտարարեցին, որ Ռուսաստան-Չինաստան բարեկամութիւնը սահմաններ չունի։ Անոնց հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութեան մէջ պատմական մրցանիշ մը արձանագրուած է՝ 140 միլիառ ամերիկեան տոլարի շեմի յաղթահարումով։ Ըստ Փութինի՝ յաջորդ թիրախն է 200 միլիառ տոլարի ցուցանիշը։

Վլատիմիր Փութինի Փեքին այցելութիւնը զուգադիպած է բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը։ Արդարեւ, միջազգային բեմահարթակի վրայ Ուքրայնայի տագնապը դարձած է առաջնահերթ։ Մոսկուա Արեւմուտքի աննախընթաց ճնշումներուն դէմ յանդիման մնացած է եւ այս իրավիճակին մէջ կը ձգտի առաւելագոյն անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովել։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ այցելութիւններ տալ դէպի Ռուսաստան եւ Ուքրայնա։ Այս երկուշաբթի՝ 7 փետրուարին Մաքրոն շփումներ պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն Փութինի հետ բանակցութիւններ վարելէ օր մը վերջ ան պիտի ուղեւորուի Քիեւ՝ մէկտեղուելու համար Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Եւրոմիութեան միւս յառաջատար երկրին՝ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ալ 15 փետրուարին իրերայաջորդ պիտի այցելէ այս երկու երկիրները։ Ֆրանսացի ղեկավարի օրինակին հետեւելով ան ալ նախ պիտի մեկնի Մոսկուա, ուրկէ պիտի անցնի Քիեւ։ Օլաֆ Շոլց այս օրերուն ալ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ կը վարէ ծաւալուն բանակցութիւններ։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիան ալ մօտէն կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Անգարա եւս կ՚առաջարկէ միջնորդի դերով հանդէս գալ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ։ Ուքրայնա այս առընչութեամբ տուած է իր հաւանութիւնը, իսկ Ռուսաստանի դիրքորոշումը առայժմ պարզ չէ։

Միւս կողմէ, երէկ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրի Քուլեպայի հետ։ 

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022