ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ԹԵՒԵՐԸ
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխումներու խորհուրդի նիստը։ Հարկ է նշել, որ նախարարը ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ այդ խորհուրդը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Անդրէասեան մեծապէս կարեւորեց, որ համապատասխան գործընթացները ըլլան ծայրայեղ թափանցիկ։ Ան համոզուած է, թէ Սահմանադրութեան մէջ պէտք է տեղի ունենայ իշխանութեան թեւերու հաւասարակշռութիւն։ Այլ խօսքով, իրենք կը փափաքին հաւասարակշռուած դարձնել այժմու «սիւփեր վարչապետ»ի համակարգը։
Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի փոխ-նախագահ ընտրուած Եղիշէ Կիրակոսեանն ալ վստահութիւն յայտնեց, որ պիտի կարողանան յաջող բարեփոխումներ իրականացնել։ Խորհուրդի անդամներէն Էտմոն Մարուքեանն ալ նշեց, որ կան բազմաթիւ հիմնաւորումներ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկել։