ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի 28-րդ նստաշր­ջա­նի շրջագ­ծով։ ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նին մէջ գու­մա­րուե­ցան այս ժո­ղով­նե­րը, ո­րոնց շրջագ­ծով հան­դէս գա­լով Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ա­ռա­ջին հեր­թին շեշ­տեց, թէ ի­րեն հա­մար ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դին մօտ ե­լոյթ ու­նե­նա­լը՝ 2015-ի տա­րե­լի­ցի շրջա­նին։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դը ընդ­լայ­նած է իր աշ­խա­տան­քի թե­մա­թիք շրջա­գի­ծը՝ ա­ռա­ւել հա­մա­պար­փակ ար­ձա­գան­գե­լու հա­մար աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ մար­դու ի­րա­ւանց կո­պիտ խախ­տում­նե­րուն՝ ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նաց­նե­լով ա­մե­նա­խո­ցե­լի խում­բե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րուն վրայ։ Ան ընդգ­ծեց, որ կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ար­ձա­գանգ եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րով­հե­տեւ ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րը կ՚ի­րա­գոր­ծեն մար­դու ի­րա­ւանց լայ­նա­ծա­ւալ խախ­տում­ներ։ Եդուարդ Նալ­պան­տեան հա­մո­զուած է, թէ այ­լոց քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­կա­նող ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, մշա­կու­թա­յին կամ կրօ­նա­կան ժա­ռան­գու­թեան վնա­սու­մը, ա­ւե­րու­մը պէտք է վճռա­կա­նօ­րէն դա­տա­պար­տուի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ։ Հա­յաս­տան ան­վե­րա­պա­հօ­րէն դա­տա­պար­տած է ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րու կող­մէ ի­րա­կա-­նացուած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը եւ կոչ ուղ­ղած է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, որ­պէս­զի վճռա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կէ։ Այս հա­մա­տես­քին մէջ Հա­յաս­տան միան­գա­մայն կը սա­տա­րէ ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւե­րու լիա­կա­տար ի­րա­կա­նաց­ման։ 

Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան ա­ւե­լի վերջ անդ­րա­դար­ձաւ, որ այդ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ Տէր Զօր քա­ղա­քի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւե­րու­մը ցա­ւա­լի, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, խորհր­դան­շա­կան կապ մըն է մարդ­կու­թեան դէմ ան­ցեա­լի մէջ եւ այ­սօր գոր­ծուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Ըստ ի­րեն, յի­րա­ւի, «մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ» հաս­կա­ցու­թիւ­նը, որ­պէս այդ­պի­սին, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան հա­մա­կարգ ներ­մու­ծուած է 24 Մա­յիս 1915 թուա­կա­նին Դաշ­նա­կից տէ­րու­թիւն­նե­րու՝ Ռու­սաս­տա­նի, Ֆրան­սա­յի եւ Անգ-­լիոյ հռչա­կագ­րին մէջ, ո­րով ա­նոնք կը նա­խազ­գու­շաց­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ի­րա­կա­նա­ցուող ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։ 

Ա­ւե­լի վերջ Նալ­պան­տեան դի­տել տուաւ, թէ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մշտա­կան ու շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց մըն է։ Այս տա­րի Յու­նուա­րի 22-ին Հա­յաս­տան ներ­կա­յա­ցուց իր երկ­րորդ Հա­մընդ­հա­նուր պար­բե­րա­կան զե­կոյ­ցը։ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին զե­կոյ­ցի շրջա­փու­լէն ի վեր Մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը եւ Ազ­գա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրագ­րեր ըն­դու­նուած են։ Մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տէն ներս ար­ձա­նագ­րուած են Հա­յաս­տա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ճա­նա­պար­հին էա­պէս դրա­կան զար­գա­ցում­ներ։ Ըստ մի­ջազ­գա­յին զե­կոյց­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րուած են դրա­կան էա­կան ձեռք­բե­րում­ներ՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու, ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման, մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան, հա­ւաք­նե­րու, խօս­քի, մա­մու­լի, հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թեան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ 

Նալ­պան­տեան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մատ­նան­շեց, որ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դը էա­կան դեր խա­ղա­ցած է պե­տու­թիւն­նե­րու՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պայ­մա­նագ­րէն բխած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ուղ­ղոր­դե­լու մար­դու ի­րա­ւանց հա­մա­կար­գուած պաշտ­պա­նու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման բա­նա­ձե­ւե­րու ըն­դուն­ման գոր­ծին մէջ։ Այս տա­րի Հա­յաս­տան կրկին նա­խա­ձեռ­նած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման բա­նա­ձե­ւի մը։ Գո­յու­թիւն ու­նի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ա­ճող հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը առ այն, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գի­լու­մը մշտա­պէս կը պա­հան­ջէ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի մշտա­կան ու­շադ­րու­թիւնն ու ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջան­քե­րը՝ ա­ռանց ստո­րա­դա­սե­լու այդ վեհ գա­ղա­փա­րը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հա­շուարկ­նե­րուն։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը պէտք է միաս­նա­կան ըլ­լան ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խար­գի­լե­լու ի­րենց ջան­քե­րուն մէջ եւ Հա­յաս­տան կոչ կ՚ուղ­ղէ բո­լոր ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն՝ սա­տար հան­դի­սա­նա­լու այս բա­նա­ձե­ւին, այն­պէս, ինչ­պէս ե­ղած էր եր­կու տա­րի ա­ռաջ։ 

Իր ե­լոյ­թին վեր­ջին բաժ­նին մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մէջ­բե­րեց Անտ­րէյ Սա­խա­րո­վի խօս­քը, ըստ ո­րու Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը ու­նին հա­մախմ­բող ուժ մը։ «Ես հա­մո­զուած եմ, որ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան բա­ցա­ռիկ գա­ղա­փա­րը կրնայ միա­ւո­րել մար­դիկ՝ ան­կախ ազ­գու­թե­նէն, քա­ղա­քա­կան հա­մո­զում­նե­րէն, կրօ­նէն, կամ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ զբա­ղե­ցու­ցած դիր­քէն։ Նալ­պան­տեան հա­մո­զուած է, թէ սա իս­կա­պէս կա­րե­ւոր պատ­գամ մըն է ու չա­փա­նիշ մը՝ պա­տե­րազմ­նե­րէն, բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րէն եւ ցե­ղա­պաշտ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րէն զերծ աշ­խար­հի մը կա­ռուց­ման ուղ­ղեալ ա­պա­գայ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար. աշ­խարհ, ուր առ­կայ է ա­մուր հա­ւատ, թէ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը կրնան ու պէտք է մար­դիկ միա­ւո­րել եւ սա է ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի գո­յու­թեան գլխա­ւոր ի­մաս­տը։ 

ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ­ՆԵՐ

Մինչ այդ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Ժը­նե­ւի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Եոա­խիմ Ռիւք­քէ­րի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Եդուարդ Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Հա­յաս­տան՝ որ­պէս մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պայ­քա­րի կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար, Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դի 28-րդ նս­տաշր­ջա­նի հաս­տատ­ման կը ներ­կա­յաց­նէ «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման» բա­նա­ձե­ւը։ 

Բաց աս­տի, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Մար­դու ի­րա­ւանց գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Զէիտ Ռաատ Էլ Հիւ­սէ­յի­նի հետ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015